Աուն Եւ Սալամ. «Որեւէ Բանակցութեան Պատասխանատուն Միայն Պետութիւնն Է»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն ողջունեց ամերիկեան-իրանեան 15 օր տեւողութեամբ զինադադարի յայտարարութիւնը` բարձր գնահատելով «այս համաձայնութեան գոյացման նպաստած բոլոր կողմերուն, մասնաւորաբար Փաքիստանի, Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ ջանքերը»:

Ան յոյս յայտնեց, որ «այս յայտարարութիւնը առաջին քայլը պիտի ըլլայ դէպի մեր շրջանին մէջ պայթիւնավտանգ գործօններ հանդիսացող տարբեր հարցերու վերաբերեալ վերջնական եւ համապարփակ համաձայնագիրի մը, որ կը պահպանէ իւրաքանչիւր պետութեան գերիշխանութիւնը` այն հիման վրայ, որ բռնութիւնը պետութիւններուն միջեւ խնդիրներու լուծման յաջող միջոց չէ, եւ վարչակարգերուն ու կառավարութիւններուն նպատակը իրենց ժողովուրդներուն ազատ ու արժանապատիւ կեանքի իրագործումն է եւ ոչ թէ զանոնք դէպի անիմաստ ու ձրի մահ առաջնորդելը»:

Հանրապետութեան նախագահը ըսաւ, որ լիբանանեան պետութիւնը կը շարունակէ իր ջանքերը, որպէսզի շրջանային խաղաղութիւնը հաստատ ու տեւական կերպով ներառէ Լիբանանը, համաձայն լիբանանցիներու միաձայնութիւնը վայելող սկզբունքներուն` պետութեան իր բոլոր հողերուն վրայ գերիշխանութեան եւ որեւէ բռնագրաւումէ ազատագրելու, պատերազմի ու խաղաղութեան իրաւունքը եւ ուժի օրինական կիրարկումը բացառապէս սահմանադրական հաստատութիւններուն մենաշնորհման: Այս սկզբունքները միայն պետութիւնը պատասխանատու կը դարձնեն` լիբանանեան ընդհանուր շահերու իրագործման համար որեւէ բանակցութեան»:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ իր կարգին «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին շեշտեց. «Լիբանանեան պետութենէն զատ ոչ ոք Լիբանանի շուրջ կը բանակցի»:

 

Leave a Comment