Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի պնդեց. «98-րդ զօրախումբը, 91-րդ, 36-րդ եւ 146-րդ զօրախումբերու աշխատանքներուն հետ միաժամանակ, վերջին շաբթուան ընթացքին ընդլայնեց ցամաքային կեդրոնացուած գործողութիւններուն ծիրը` ներառելով հարաւային Լիբանանի մէջ յաւելեալ թիրախներ:
«Բանակի ուժերը շարունակեցին հակազրահապատ հրթիռներու արձակումը արգիլելու գիծին վրայ իրենց տեղակայումը եւ կը շարունակեն շրջանին մէջ աշխատիլ` ամրապնդելու համար պաշտպանութեան առաջնագիծը եւ վերացնելու համար հիւսիսի բնակիչներուն սպառնացող վտանգը»:
Նշենք, որ իսրայէլեան բանակէն աղբիւրներ երկուշաբթի օր իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին յայտնած էին. «Հակառակ այդտեղ ուժերու ամրապնդման, Լիբանանի մէջ ցամաքի վրայ աւելի յառաջանալու մտադրութիւն գոյութիւն չունի»:
Իսրայէլեան բանակի 14-րդ կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Իալ Զամիր յանդիմանած է իսրայէլեան բանակին մէջ հիւսիսային շրջանի հրամանատարը` դռնփակ նիստի մը ընթացքին հիւսիսի բնակիչներուն խոստովանելուն համար, թէ իսրայէլեան բանակը այս պատերազմին մէջ հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի ուժէն անակնկալի մատնուեցաւ:
Աղբիւրներ իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին յայտնած են. «Պահեստի սպաներ Լիբանանէն դուրս գալու յստակ ռազմավարութեան մը բացակայութեան նկատմամբ մտավախութիւն կը յայտնեն»:
Նշենք, որ Իսրայէլ շաբաթ գիշեր յարձակում գործեց Մեթնի Թիլալ Այն Սաատէ շրջանին մէջ յարկաբաժինի մը վրայ: Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը նշեց. «Իրանեան «Քուտս» զօրամասի Պաղեստինի զօրաբաժինի անդամի մը Պէյրութի մէջ բնակարան մը թիրախաւորելով ահաբեկելու փորձը ձախողեցաւ»: Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին կիրակի օր հաղորդեց. «Իսրայէլեան բանակը երէկ փորձեց Պէյրութի Այն Սաատէ շրջանին մէջ ահաբեկել Հըզպալլայի անդամ մը, եւ բանակը խոստովանեցաւ, թէ ահաբեկման փորձը ձախողեցաւ»:
Թիլալ Այն Սաատէի մէջ յարկաբաժինի թիրախաւորման զոհ գացին Լեռնալիբանանի Եահշուշ շրջանին մէջ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան պատասխանատու Փիեռ Մուաուատն ու անոր կինը: