Նախագահ Աուն. «Ապահովական Կացութիւնը Վերահսկողութեան Տակ Է, Եւ Ներքին Սադրանքը Պիտի Չարտօնեմ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ երեսփոխան Ֆուատ Մախզումիի գլխաւորութեամբ «Մունթատա Պէյրութ»-ի պատուիրակութիւնը ընդունելով յայտնեց. «Ներկայ պայմաններուն մէջ Լիբանանի մէջ ապահովութեան պահպանման պատասխանատուութիւնը հասարակաց է եւ քաղաքացիներուն, բանակին, ապահովական մարմիններուն եւ քաղաքապետութիւններուն միջեւ ամբողջական համակարգում կը պահանջէ»:

«Բանակը Պէյրութի եւ շարք մը այլ շրջաններու մէջ վերատեղակայում կատարեց, եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն ու մնացեալ մարմիններուն հետ աւելի ներկայութիւն պիտի ըլլայ` ապահովութեան պարտադրման մէջ աւելի խիստ գտնուելով` իրենց բնակարաններուն մէջ ապահով քաղաքացիները հանգստացնելու համար», ըսաւ ան:

«Ներկայ ապահովական կացութիւնը վերահսկողութեան տակ է, եւ սադրանքէ կամ ներքին ապահովական սանձարձակութենէ վախ չկայ: Տեղի ունեցող խնդիրները սահմանափակ են եւ անհրաժեշտ արագութեամբ կը կարգաւորուին, սակայն կան ոմանք, որոնք իրենց շահերուն համար համայնքային սադրանքի նկատմամբ վախի կառուցման վրայ կը կեդրոնանան, սակայն ներկայ կացութիւնները նախկինէն տարբեր են, որովհետեւ ժողովուրդի, քաղաքական պաշտօնատարներու եւ հոգեւորականներու մօտ հասարակաց զգօնութիւն կայ, որովհետեւ ոչ ոք ներքին սադրանքի բեռը կրելու կարողութիւնն ունի», շեշտեց նախագահը:

«Պիտի չարտօնեմ, որ խռովութիւն տեղի ունենայ, եւ իւրաքանչիւր անձ, որ կը փորձէ այդ միտումը խթանել, ըլլայ այդ ընկերային ցանցերու կամ լրատուամիջոցներու միջոցով, Լիբանանի համար վտանգ կը ներկայացնէ, եւ աւելի վատ գործ կը կատարէ, քան իսրայէլեան յարձակումները:

«Պէտք է իրարմէ տարբերակեն ազգային շահն ու օտարերկրեայ տէրութիւններու շահերը, եւ մենք փրկութիւն չունինք, բացի պետութեան միջոցով», շեշտեց նախագահ Աուն` աւելցնելով. «Պաշտօնավարմանս ընթացքին ես չեմ արտօներ, որ ոեւէ քաղաքացի, որ անսասան մնացած է իր գիւղին եւ գիւղաքաղաքին մէջ, գործակալութեան կամ դաւաճանութեան մէջ, ամբաստանուի միայն այն պատճառով, որ որոշած է շարունակել ապրիլ իր ծննդավայրին մէջ»:

 

 

Leave a Comment