Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Խրիսթոտուլիտես երէկ առտու նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը կը դատապարտէ Լիբանանի վրայ շարունակուող իսրայէլեան յարձակումները:
Կիպրոսի նախագահը ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ իր երկրին զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանին ու անոր ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ պատրաստակամութիւնը նպաստելու մագլցումի դադրեցման եւ բժշկական ու մարդասիրական շտապ օժանդակութիւններ տրամադրելու ճամբով լիբանանցի բարեկամ ժողովուրդին տառապանքը մեղմացնելու:
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանին մէջ վերջին զարգացումներն ու այն, ինչ որ Կիպրոսը, իբրեւ Եւրոպական Միութեան նախագահ, կրնայ ընել Լիբանանին աջակցելու համար:
Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Քոնսթանթինոս Քոմպոս իր կարգին հեռաձայնեց իր լիբանանցի պաշտօնակից Եուսեֆ Ռաժժիի: Զրոյցի ընթացքին Քոմպոս ընդգծեց բոլոր կողմերու անմիջական հանդարտեցման հասնելու անհրաժեշտութիւնը:
Ան շեշտեց, որ պէտք է ապահովել քաղաքայիններու կեանքը եւ յարգել միջազգային մարդասիրական օրէնքը:
Քոմպոս վերահաստատեց Լիբանանին աջակցող իր երկրին դիրքորոշումը: