Այցելելով Նախագահ Աունի` Հաժժար. «Աշխատանք Կը Տանինք Շրջաններուն Մէջ Ապահովական Յաւելեալ Ներկայութեան Ապահովման Վրայ»

Ներքին գործոց ու քաղաքապետութիւններու նախարար Ահմետ Հաժժար Պաապտայի պալատին մէջ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Աշխատանք կը տանինք շրջաններուն մէջ ապահովական յաւելեալ ներկայութեան ապահովման վրայ, եւ նախագահ Աունը իր ցուցմունքները տուաւ մարդոց հանգստացնելու եւ քաղաքացիները պաշտպանելը: Լիբանանցիները պետութենէն բացի այլ ապաստան չունին»:

«Քննարկեցինք Մասնաայի թեման, այդ առնչութեամբ հաղորդակցութիւններ կան, եւ Աստուած ուզէ զայն շուտով կը վերաբանանք», ըսաւ ան:

«Քաղաքապետարանները հիմնական դեր մը ունին` յաւելեալ աշխատանք ու ջանք թափելով, ինչպէս նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերուն, բանակին ու հետախուզութեան հետ յաւելեալ համակարգում կատարելով», նշեց ներքին գործոց նախարարը:

«Մենք յաւելեալ ջանքեր կը գործադրենք, եւ ներքին ապահովութեան ուժերէն պահանջեցի լիարժէք համագործակցութիւն հաստատել քաղաքապետութիւններուն հետ` քաղաքացիներուն որեւէ ողբերգական իրադարձութիւն խնայելու համար: Ապահովական ուժերու եւ բանակի յաւելեալ տեղակայումը պիտի հիմնուի մեր տուեալներուն վրայ, ապահովական կեդրոնացումը պիտի կատարուի հոն, ուր պէտք է կատարուի», նշեց Հաժժար:

 

Leave a Comment