Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Դատապարտեց Սուրիոյ Կայունութեան Քայքայման Փորձերն Ու Լիբանանցիներու Մեղսակցութիւնը

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարարութիւնը դատապարտեց «Սուրիոյ կայունութեան քայքայման նպատակը հետապնդող եւ ընդհանուր կարգ ու կանոնին վնասելու փորձերը, որոնք Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը բացայայտեց 19 ապրիլ 2026 թուականին»: Նախարարութիւնը իր հաղորդագրութեան մէջ զօրակցութիւն յայտնեց Սուրիոյ` շեշտելով, որ «բացարձակապէս կը մերժէ Սուրիոյ անվտանգութեան եւ հողային ամբողջականութեան խաթարման ոեւէ լիբանանցիի մեղսակցութիւնը»: Նշենք, որ Հըզպալլա մէկ … Read more

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութեան Հոլովոյթը Ամբողջովին Անջատ Է, Եւ Լիբանանի Թղթածրարին Վերաբերող Որեւէ Սահմանափակման Չ՛առնչուիր»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Իրանի հետ համաձայնութեան հոլովոյթը ամբողջովին անջատ է, եւ լիբանանեան թղթածրարին վերաբերող որեւէ սահմանափակումի չ՛առնչուիր: Թրամփ նշեց, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ զինադադարի «պատմական համաձայնութիւն» գոյացած է, եւ ասիկա զարգացում մըն է, որ 78 տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով տեղի կ՛ունենայ: Սպիտակ տան ղեկավարը աւելցուց, որ աշխատանք կը տարուի … Read more

Երեքշաբթի Օր Փարիզի Մէջ Սալամ-Մաքրոն Հանդիպում

Էլիզէի պալատը յայտարարեց. «Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն երեքշաբթի օր պիտի հիւրընկալէ Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամը, Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ զինադադարի խորապատկերին վրայ»: «Այս այցելութիւնը պետութեան ղեկավարին առիթ մը պիտի ըլլայ վերահաստատելու Լիբանանի մէջ զինադադարի ամբողջական ու համապարփակ յարգման, երկրի հողային ամբողջականութեան Ֆրանսայի աջակցութեան, երկրի ամբողջական ու համապարփակ գերիշխանութեան եւ զէնքի մենաշնորհման լիբանանեան պետութեան քայլերուն նկատմամբ … Read more

Աուն Եւ Սալամ Յետզինադադարեան Փուլի Գնահատումը Կատարեցին

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն շաբաթ օր Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նաուաֆ Սալամը, որուն հետ անդրադարձաւ ապահովական եւ դիւանագիտական գետնի վրայ արձանագրուած վերջին զարգացումներուն: Նախագահ Աուն վարչապետ Սալամին հետ գնահատեց յետզինադադարեան փուլն ու զայն ամրագրելու համար ընթացող աշխատանքները, որոնց շարքին էր հանրապետութեան նախագահին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի, ինչպէս … Read more

Շէյխ Քասեմ. «Հըզպալլան Առաւելագոյն Չափով Դրական Տրամադրուած Է Լիբանանի Իշխանութեան Հետ Գործակցելու»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ ժամանակաւոր զինադադարը պիտի չհաստատուէր, եթէ Հըզպալլայի զինեալներուն ցուցաբերած դիմադրութիւնը չըլլար: «Հըզպալլան առաւելագոյն չափով դրական տրամադրուած է Լիբանանի իշխանութեան հետ գործակցելու նոր էջ մը բանալու, որ հիմնուած է մեր հայրենիք Լիբանանի գերիշխանութեան հաստատման վրայ», նշեց շէյխ Քասեմ: «Ոչինչ իրագործած դիւանագիտութեան սպասելով իսրայէլեան յարձակումին 15 ամիսներ … Read more

Քումաթի. «Զէնքի Նիւթը Դիմադրութեան Ու Պետութեան Միջեւ Երկխօսութեան Ենթակայ Լիբանանեան Հարց Է, Եւ Ոչ Ոք Կրնայ Այդ Զէնքը Խլել»

Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ, նախկին նախարար Մահմուտ Քումաթի յայտարարեց, թէ կուսակցութիւնը համաձայն գտնուեցաւ Իրանի միջնորդութեամբ գոյացած զինադադարին: Քումաթի նշեց, որ զէնքի նիւթը լիբանանեան ներքին հարց մըն է, որ Դիմադրութեան ու պետութեան միջեւ երկխօսութեան ենթակայ է: Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահը շեշտեց, որ ոչ ոք կրնայ այդ զէնքը խլել: Ան աւելցուց, որ իր կուսակցութիւնը որեւէ խախտում պիտի … Read more

Մուսաուի. «Եթէ Նախագահը Նեթանիահուի Հետ Հանդիպում Ունենայ, Պիտի Կորսնցնէ Երկրի Նախագահի Իր Հանգամանքը»

Հըզպալլայի մէջ ներուժի եւ սահմաններու թղթածրարի պատասխանատու Նաուաֆ Մուսաուի նշեց. «Եթէ հանրապետութեան նախագահը Թրամփին ենթարկուի եւ Նեթանիահուի հետ հանդիպում ունենայ, պիտի կորսնցնէ երկրի նախագահի իր հանգամանքը»: «Ո՞վ ըսաւ, թէ սիւննի մեծամասնութիւնը Իսրայէլի հետ խաղաղութեան համաձայնութեան կնքումը պիտի ընդունի», հարց տուաւ ան: «Օրինականութիւնը Լիբանանի ներսէն կու գայ, եւ ոչ թէ դուրսէն: Զինադադարին մէջ մեզ հետաքրքրողը այն … Read more

Պատկերասփռուած Ուղերձի Մը Մէջ. «Զինադադարի Յայտարարութիւնը Կայացաւ Շնորհիւ Բոլորի Ճիգերուն, Անիկա Լիբանանցիներու Զոհողութիւններուն Պտուղն Է» Յայտարարեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին լիբանանցի ժողովուրդին ուղղուած պատկերասփռուած ուղերձի մը մէջ յայտարարեց, որ զինադադարի յայտարարութեան որոշումը կայացաւ շնորհիւ բոլորի ճիգերուն, անիկա լիբանանցիներու զոհողութիւններուն պտուղն է, պտուղը իրենց տուներուն եւ գիւղերուն մէջ գոյատեւած մարդոց: Վերջիններս աշխարհին ապացուցեցին, որ անոնք պիտի մնան այդտեղ եւ պիտի չհեռանան ինչ ալ ըլլայ պարագան: Նախագահ Աուն նշեց, … Read more

Թրամփ. «Իսրայէլ Այսուհետեւ Լիբանանը Պիտի Չռմբակոծէ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցին վրայ գրառում մը կատարելով յոյս յայտնեց, որ Հըզպալլան ազնիւ կերպով վարուի եւ բարի վարմունք ցուցաբերէ «այս կարեւոր ժամանակի ընթացքին»: «Անոնց համար հոյակապ պահ պիտի ըլլայ, եթէ այդ մէկը կատարեն: Ո՛չ յաւելեալ սպանութեան: Պէտք է վերջապէս խաղաղութիւն ըլլայ: Շնորհակալութիւն այդ հարցին ձեր ուշադրութեան համար», աւելցուց ան: Թրամփ … Read more

Աուն. «Զինադադարը Բանակցութեան Մէջ Յառաջ Ընթանալու Դուռն Է Եւ Տեղական Ու Արտաքին Աջակցութիւն Կը Վայելէ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն, ընդունելով Պէյրութի երեսփոխաններէն պատուիրակութիւն մը, յայտնեց. «Ուղղակի բանակցութիւնները նուրբ ու առանցքային են, եւ ազգային պատասխանատուութիւնը պէտք է յառաջիկայ փուլին մէջ մէկ ըլլայ: Ամբողջ աշխարհի աչքերը Լիբանանին ուղղուած են»: «Պետութեան դիրքորոշումը զինադադարի հաստատումն է, իսրայէլեան ուժերու բռնագրաւեալ հարաւային հողերէն հեռացման ապահովումը, գերիներուն վերատիրացումն ու առկախ սահմանային վէճերու կարգաւորումը», նշեց նախագահը: «Զինադադարը բանակցութիւններուն … Read more