Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Իվեթ Քուփըր յայտարարեց, թէ իր երկիրը պահանջած է զինադադարը դէպի Լիբանան ընդլայնել:
Ան նշեց, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ բանակցութիւնները շատ կարեւոր են:
Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարար Մաքսիմ Պրովոսթ շեշտեց. «Լիբանանի մէջ Իսրայէլի դիրքորոշումը բացարձակապէս անընդունելի է»:
Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Խոսէ Մանուէլ Ալպարես յայտարարեց. «Սպանիան, Սլովաքիան ու Իրլանտան Եւրոպական Միութենէն պահանջեցին Իսրայէլի հետ գործընկերութեան առկախումը քննարկել»:
«Լիբանան կ՛ենթարկուի ներխուժման, որ հարաւի բնակիչները իրենց հողերէն վտարելով միջազգային օրէնքը կը խախտէ», շեշտեց Ալպարես:
«Միջին Արեւելքի եւ Ծոցի մէջ չափազանց վտանգաւոր կացութիւն կը դիմագրաւենք, եւ ասիկա Ծոցի պատերազմէն ի վեր ամէնէն մեծ տագնապն է», աւելցուց սպանական դիւանագիտութեան պետը: