Էլիզէի Պալատէն Աղբիւր Մը. «Իսկական Մարտահրաւէրը Սահմաններու Պաշտպանութեան Եւ Անվտանգութեան Ամրագրման Համար Զինադադարի Ամրապնդման Ձեւն Է»

Ֆրանսայի նախագահական պալատէն աղբիւր մը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է. «Ներկայիս կարեւորը զինադադարը պահպանելը, Հըզպալլային յարձակում գործել արգիլելն ու Իսրայէլի պատրուակ չտալն է»:

«Ժամանակաւոր եւ փխրուն զինադադարը Ուաշինկթընի եւ միջազգային կողմերու Լիբանանի մէջ կացութեան կառավարման վերաբերեալ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ», նշած է աղբիւրը:

Ֆրանսայի նախագահական պալատէն աղբիւրը շեշտած է. «Իսկական մարտահրաւէրը Սահմաններու պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ամրագրման համար զինադադարի ամրապնդման ձեւն է»:

 

Leave a Comment