Իսրայէլեան բանակը զգուշացուց հարաւային Լիբանանի շարք մը գիւղերու բնակիչները այդտեղ երթեւեկելէ` պնդելով. «Զինադադարի համաձայնութեան ժամանակաշրջանին իսրայէլեան բանակը կը շարունակէ հարաւային Լիբանանի մէջ դիրքերու վրայ իր տեղակայումը ընդդէմ Հըզպալլայի գործունէութեան»:
Իսրայէլեան բանակը զգուշացուց, որ պէտք չէ երթեւեկել շարք մը գիւղերու գիծին վրայ կամ անոր մերձակայքը: Այդ գիւղերն են` Մազրաաթ Պույութ Սիատ, Մաժտալ Զուն, Զըպքին, Եաթեր, Սըրպին, Հատտասա, Պէյթ Եահուն, Շաքրա, Մաժտալ Սըլմ, Քըպրիհա, Ֆրուն, Զաութար Ղարպիա, Եըհմոր Շքիֆ, Առնուն, Տէյր Միմաս, Մարժաայուն, Իպլ Սաքքա, Մարի, Քֆարշուպա, Այն Քանիա եւ Այն Աթա:
«Լիթանի գետի եւ Սալհանի ու Սլուքի հովիտներու շրջանին մօտենալը արտօնուած չէ», նշեց ան:
Իսրայէլեան բանակը նաեւ զգուշացուց բազմաթիւ այլ գիւղեր վերադառնալէ:
Իսրայէլեան բանակը կիրակի գիշեր Մայս Ժապալ քաղաքի արեւմուտքը գտնուող Տըպպիէ շրջանին մէջ շարք մը տուներ պայթեցուց, ինչպէս նաեւ Մայս Ժապալի եւ շարք մը այլ սահմանամերձ գիւղաքաղաքներու մէջ տուներու, շէնքերու եւ ենթակառոյցներու կանոնաւոր քանդումը շարունակեց:
Իսրայէլեան հրետանին նաեւ երէկ ռմբակոծեց Հուլա գիւղը, իսկ ոչ ականուած իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը ինկաւ Հասպայա գաւառի Քֆարշուպա գիւղի անտառներուն մէջ: Լիբանանեան բանակը զայն տեղափոխեց Մարժաայուն:
Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մըն ալ ցած բարձրութեան վրայ թռիչքներ կատարեց մայրաքաղաք Պէյրութի վերեւ:
Հըզպալլա հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, թէ կիրակի օր Թայպէէն Տէյր Սըրիան շարժող իսրայէլեան «Մերքաւա» տիպի չորս հրասայլեր քանդած է` այդ վայրին մէջ նախապէս զետեղուած ականներու ճամբով: