Խորհրդարանի նախագահի քաղաքական օգնական, Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Հասան Խալիլ նշեց, որ Իսրայէլ ամէն օր կը գործէ զինադադարը խախտելով` գետնի վրայ կատարուած իրողութիւն ստեղծելու համար` շրջանցելով երաշխիքներու, նկատառումներու եւ յանձնառութիւններու մասին բոլոր խօսքերը:
«Մենք ամենայն յստակութեամբ կը մերժենք որեւէ տարազ, որ կը նսեմացնէ այն իրականութիւնը, թէ այս զինադադարը գոյացաւ շրջանային ջանքի, համաձայնութեան ու դերակատարութեան հիմամբ եւ զոհողութիւններովը դիմադրողներուն ու մարդոց, որոնց իրաւունքը չենք կրնար սակարկութեան առարկայ դարձնել: Ուստի պահանջուածը զինադադար մըն է, որ մարդիկ կը պաշտպանէ եւ մինչեւ մեր միջազգային սահմաններ գիւղերն ու գիւղաքաղաքները կը վերակենդանացնէ:
«Յարձակումի, բռնի տեղահանման դադրեցումը, մեր հողերէն ամբողջական հեռացումը եւ այս թշնամիին պարտադրել ուզած դեղին կամ կարմիր գիծերը չընդունիլը կ՛ուզենք»:
«Կ՛ուզենք միացեալ եւ յստակ դիրքորոշում մը, որ չի հակասեր գերիշխանութեան, չի մսխեր ուժի տարրերը եւ չի շրջանցեր ազգային միաձայնութիւնը այն սկզբունքներուն շուրջ, որոնք կը ղեկավարեն ուժերու եւ բաղադրիչ մասերու միջեւ յարաբերութիւնները:
Մենք յստակօրէն ըսինք, թէ քաղաքականութեան, քաղաքական ու դիւանագիտական աշխատանքին դէմ չենք, սակայն ըսինք, թէ ուղղակի բանակցութիւնները մերժելի են, որովհետեւ թշնամիին իր յարձակողականութիւնը շարունակելու օրինականութիւն կու տայ: Մենք այս հողին վրայ մեր իրաւունքները ապահովող բանակցութիւններու հետ ենք:
«Կ՛ուզենք, որ բանակցութիւնները չվերածուին իրաւունքներէ ու սկզբունքներէ զիջումի եւ դառնան կատարուած զոհողութիւնները վատնելու դարպաս, այլ` վերածուին իրաւունքներու ամրապնդման ուղիի, եւ ոչ թէ ձրի զիջումներ առաջարկելու», յայտնեց երեսփոխանը:
«Պետութիւնը պէտք չէ մարդոց տառապանքներու ականատեսը ըլլայ. անիկա պատասխանատու է անոնց պաշտպանութեան եւ հոգատարութեան», ըսաւ Խալիլ: