Սալամ. «Դիւանագիտութեան Ընտրանքը Տկարութիւն Չէ, Այլ` Ազգային Պատասխանատուութեան Արտայայտութիւն»

Վարչապետ Սալամ յայտնեց. «Դիւանագիտութեան ընտրանքը տկարութիւն չէ, այլ` արտայայտութիւն ազգային պատասխանատուութեան, որուն նպատակը մեր երկրի գերիշխանութեան վերականգնման համար որեւէ չփորձուած ուղի չձգելն է»: Ան այս մասին յայտարարեց Լիւքսամպուրկի մէջ:

«Կառավարութիւնը կը ջանայ վերջ տալ բռնագրաւումին, երաշխաւորել մեր գերիներու ազատ արձակումը եւ ապահովել տեղահանուածներուն իրենց տուներ ու գիւղեր վերադարձը», նշեց Սալամ:

«Զէնքի պետութեան մենաշնորհի ամրագրումը եւ մեր հարցերուն միջամտութեան վերջ տալը պէտք չէ այսուհետեւ քննարկման նիւթ ըլլայ», ըսաւ ան:

«Լիբանանեան բանակը որքան աւելի հզօրանայ, այնքան ապօրինի զինեալ կողմերը կը տկարանան», աւելցուց Սալամ:

Նշենք, որ Լիբանանի վարչապետը Լիւքսամպուրկի մէջ Եւրոպական Միութեան արտաքին խորհուրդին առջեւ իր արտասանած խօսքէն առաջ հանդիպումներ ունեցաւ Եւրոպական Միութեան Միջերկրական ծովու հարցերով յանձնակատար Տուպրովքա Շոպցայի, Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Քոնսթանթինոս Քոմպոսի, Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Խոսէ Մանուէլ Ալպարեսի եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վատեֆուլի հետ:

Վարչապետը անոնց հետ քննարկեց Լիբանանի կացութիւնը, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի զինադադարին, ուղղակի բանակցութեան հոլովոյթի սկիզբին եւ ներկայ փուլին անհրաժեշտ մարդասիրական կարիքներուն:

«Կարեւոր է, որ Եւրոպական Միութիւնն ու անոր անդամ պետութիւնները շարունակեն այս կարեւորագոյն պահուն քաղաքական ու մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերել Լիբանանին` այդպիսով ամրապնդելով անոր դիմադրողականութիւնը, ամրապնդելով զինադադարը եւ աջակցելով բանակցային լուրջ հոլովոյթի մեկնարկին, ինչպէս նաեւ արձագանգելով աճող մարդասիրական կարիքներուն», նշեց Սալամ:

Leave a Comment