Նեթանիահու Եւ Սահեր Հարաւային Լիբանանի Մէջ Քրիստոսի Արձանի Կոտրման Համար Ներում Կը Հայցեն

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր արձագանգած է իսրայէլացի զինուորի մը կողմէ հարաւային Լիբանանի մէջ Յիսուս Քրիստոսի արձանը կոտրելու դէպքին` զայն որակելով «վտանգաւոր եւ ամօթալի»: Ան այս մասին յայտարարած է «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով:

«Իսրայէլեան բանակի զինուորի մը կողմէ հարաւային Լիբանանի մէջ քրիստոնէական կրօնական խորհրդանիշի վնաս հասցնելը վտանգաւոր ու ամօթալի է», նշեց ան:

«Կը գնահատեմ իսրայէլեան բանակի հաղորդագրութիւնը, դէպքը դատապարտելն ու անոր շուրջ հետաքննութեան ձեռնարկելը, եւ ես վստահ եմ, որ այս տգեղ արարքի հեղինակին նկատմամբ անհրաժեշտ խիստ քայլերը պիտի որդեգրուին», ըսաւ ան:

«Այս ամօթալի վարմունքը ամբողջովին կը հակասէ մեր արժէքներուն: Իսրայէլը պետութիւն մըն է, որ կը յարգէ տարբեր կրօններն ու անոնց սրբազան խորհրդանիշերը, ինչպէս կրօններու միջեւ հանդուրժողականութիւնն ու յարգանքը կը խթանէ», նշեց իսրայէլեան դիւանագիտութեան պետը:

«Այս դէպքին համար եւ իր զգացումները վիրաւորուած իւրաքանչիւր քրիստոնեայէ ներում կը հայցենք», ըսաւ ան:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ իսրայէլացի զինուոր մը մուրճով կոտրած է Յիսուս Քրիստոսի արձանը: Իսրայէլեան բանակէն խոստացած են պատժել զինուորը եւ պատրաստակամութիւն յայտնած քանդակին վերականգնման համար օգնելու տեղւոյն բնակիչներուն:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր կարգին պնդեց. «Իսրայէլը` իբրեւ հրէական պետութիւն, կը պարծենայ հրէութեան արժէքներով, որոնք հիմնուած են հանդուրժողականութեան եւ հրեաներու ու մնացեալ կրօններու հետեւորդներու միջեւ փոխադարձ յարգանքի վրայ: Մեր երկրին մէջ կրօնները կը բարգաւաճին, եւ բոլոր կրօններու զաւակները կը դիտարկենք իբրեւ մեր հասարակութեան եւ շրջանի կառոյցին մէջ հաւասարներ:

«Երէկ, ինչպէս էր իսրայէլացիներու ջախջախիչ մեծամասնութեան պարագան, ցնցուեցայ եւ տխրեցայ, երբ իմացայ, թէ իսրայէլեան բանակէն զինուոր մը վնաս հասցուցած է հարաւային Լիբանանի մէջ կաթողիկէ կրօնական արձանի մը: Ամէնէն բուռն կերպով կը դատապարտեմ այդ արարքը: Զինուորական իշխանութիւնները դէպքին շուրջ քրէական հետաքննութիւն կը կատարեն, եւ պատասխանատուին դէմ կարգապահական խիստ ու պատշաճ տնօրինում պիտի կատարուի», ըսաւ Նեթանիահու:

Նեթանիահու նաեւ պնդեց. «Մինչ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ քրիստոնեաները իսլամներու ձեռամբ կը սպաննուին, Իսրայէլի մէջ քրիստոնէական հասարակութիւնը կը բարգաւաճի, ի տարբերութիւն Միջին Արեւելքի մէջ այլ շրջաններու:

«Իսրայէլը շրջանին մէջ կը նկատուի միակ պետութիւնը, որ կը յարգէ բոլորին պաշտամունքի ազատութիւնը: Ցաւ կը յայտնենք այս դէպքին եւ Լիբանանի ու աշխարհի տարածքին ապրող հաւատացեալներուն անոր պատճառած որեւէ վնասին համար»:

 

Leave a Comment