Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց. «Ուաշինկթընի կողմէ Լիբանանի մէջ զինադադարը երկարաձգելու ջանք գոյութիւն ունի»:
Ան մերժեց հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի ծրագրած Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութիւններու հոլովոյթին նկատմամբ իր դիրքորոշումը յայտնել: