Ֆատլալլա. «Պիտի Տապալենք Թշնամիի Ապահովական Գօտին Եւ Նոր Անթուան Լահտ Ստեղծելու Փորձը»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա վերահաստատեց. «Թշնամիին մեր հողերուն վրայ ապահովական գօտի ստեղծելու եւ շրջանին մէջ նոր Անթուան Լահտ ստեղծելու փորձը պիտի տապալենք` Դիմադրութեան զոհողութիւններով եւ մեր ժողովուրդի դիմադրողականութեամբ»:

Ֆատլալլա խորհրդարանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Հարաւային Լիբանանի մէջ անզէն քաղաքայիններու առօրեայ սպանութեան եւ սահմանամերձ մեր գիւղերու կանոնաւոր քանդումի պատկերին դիմաց, իշխանութիւնն ու անոր գործիքները պէտք է անմիջապէս դուրս քան զիջողական ընտրանքներէն եւ դադրին գրգռման, դաւաճանութեամբ պիտակման հռետորաբանութենէն, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներէն մեծ համեմատութիւն մը թշնամացնելէն, որովհետեւ ատիկա մէկ կողմէ թշնամիին ծառայութիւն է, իսկ միւս կողմէ կը վտանգէ կայունութիւնն ու Թաէֆի համաձայնագիրով ամրագրուած Լիբանանի գործընկերային տարազը:

«Այս բոլորը պատճառ կը դառնան, որ այս իշխանութիւնը կորսնցնէ իր դերը եւ սահմանադրութեան նախաբանին մէջ նշուած օրինականութիւնը, եւ զայն կը վերածէ իր ժողովուրդի մեծամասնութեան ընտրանքներուն դէմ ընտրանքներու կողմնակալ խումբի»:

«Որքան ալ փորձէ, անիկա (իշխանութիւնը, «Ա.») թշնամիին հետ ուղղակի իր բանակցութիւններուն ազգային ծածկոյթ պիտի չստանայ: Անհրաժեշտ լուծումը յստակ է` իշխանութեան իր ժողովուրդին վերադարձը, ինչ որ կը պահպանէ Լիբանանի միասնականութիւնն ու գերիշխանութիւնը», աւելցուց Ֆատլալլա:

 

 

Leave a Comment