Ֆատլալլա. «Բանակցութիւնները` Իրենց Բոլոր Արդիւնքներով, Մեզի Չեն Վերաբերիր, Մենք Զանոնք Պիտի Չգործադրենք Եւ Անոնց Վաւերացումը Պիտի Չարտօնենք»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա շեշտեց. «Լիբանանի մէջ Դիմադրութիւնը այսօր ազգային ընտրանքն է, որուն մեր հողերու ազատագրման եւ մեր ժողովուրդն ու երկիրը պաշտպանելու այլընտրանքը չկայ, եւ անիկա պիտի շարունակէ եւ պիտի գոյատեւէ: «Նահանջ պիտի չարձանագրենք, մինչեւ որ թշնամին մեր հողերէն դուրս գայ եւ մեր երկրին վրայ յարձակումները դադրեցնէ: «Ամէն գնով ու զոհողութիւններով պիտի … Read more

Թրամփը` Նեթանիահուին. «Պէտք Է Լիբանանի Մէջ Սահմանափակ Զինուորական Գործունէութեամբ Բաւարարուիս»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Իրանն ու Հըզպալլան Լիբանանը քանդեցին: Ան այս մասին յայտնեց «Աքսիոս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին: «Երբ Իրանին վերջ տանք, Հըզպալլան ինքնաբերաբար վերջ կը գտնէ», ըսաւ ան: Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտնեց, որ Լիբանանն ու անոր ղեկավարութիւնը կը հաւնի` նշելով, որ երկիրը կրնայ անգամ մը եւս ոտքի կանգնիլ: Թրամփ Լիբանանի վերաբերեալ զգուշացուց … Read more

Ըստ Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 12-րդ Կայանին. Իսրայէլ Ուաշինկթընէն Խնդրած Է Լիբանանի Հետ Բանակցութիւններուն Առաւելագոյնը Մինչեւ Մայիսի Կէսը Ժամանակ Ճշդել

Իսրայէլ կը ջանայ լիբանանեան կառավարութեան հետ բանակցութիւններուն համար ճշդել երկուքէն երեք շաբաթ երկարող եւ մայիսի կիսուն աւարտող պայմանաժամ մը, եւ արտօնութիւն կը խնդրէ Լիբանանի դէմ իր պատերազմի «նախնական ծրագիր»-ին վերադառնալու, եթէ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց չարձանագրուի: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը, որ կը նշէ, թէ այս առաջարկը ներկայացուած է չորեքշաբթի երեկոյեան Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին … Read more

Իսրայէլ Կը Շարունակէ Իր Յարձակումները

Իսրայէլեան բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Հըզպալլան հարաւային Լիբանանի մէջ հակաօդային հրթիռով վար առած է իսրայէլեան զինուորական անօդաչու թռչող սարք մը` նշելով. «Դէպքը հետաքննութեան կ՛ենթարկուի»: Հըզպալլա իր կարգին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ իր մարտիկները երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին հակաօդային հրթիռով  վար առած են Նապաթիէ քաղաքին վերեւ թռիչք կատարող «Հերմես-450-Զիք» տիպի իսրայէլեան անօդաչու թռչող … Read more

Քումաթի. «Մեր Դիրքորոշումը Հաստատ Է. Իսրայէլի Հետ Անուղղակի Բանակցութիւններ Սկսելէ Առաջ Պէտք Է Լիակատար Զինադադար Հաստատուի»

Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ Մահմուտ Քումաթի նշեց. «Մեր դիրքորոշումը հաստատ է. Իսրայէլի հետ անուղղակի բանակցութիւններ սկսելէ առաջ անհրաժեշտ է լիակատար զինադադար հաստատել»: Ան այս մասին յայտնեց «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: Քումաթի ըսաւ, որ Դիմադրութիւնը պիտի չդադրի, մինչեւ որ լիբանանեան հողերը ամբողջովին ազատագրուին` աւելցնելով, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութիւններու … Read more

Մուսաուի. «Զինադադարին Վերաբերեալ Նախագահին Խօսքը Առնուազն Մեծ Շփոթ Եւ Հարցերը Իրարու Խառնել Է, Ինչ Որ Վերատեսութիւն Եւ Սրբագրում Կը Պահանջէ»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Իպրահիմ Մուսաուի, անդրադառնալով հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի Տնտեսական խորհուրդներու պատուիրակութեան առջեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին նախարարութեան հաղորդագրութեան, Իսրայէլին Լիբանանի վրայ յարձակումները շարունակելու ազատութիւն տալուն, այդ իրողութեան նախապէս նոյեմբեր 2024-ի համաձայնութեան մէջ ներառուած ըլլալուն մասին խօսքին, յայտնեց, թէ 27 նոյեմբեր 2024-ի զինադադարի համաձայնութիւնը որեւէ ձեւով այդպիսի նշում չի պարունակեր. ընդհակառակն` Լիբանանին տուաւ … Read more

Նախագահ Աուն. «Բանակցութիւններուն Շուրջ Իմ Առած Իւրաքանչիւր Քայլս Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ Համակարգած Էի»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Տնտեսական խորհուրդներու պատուիրակութիւնը Պաապտայի պալատի մէջ ընդունելու ընթացքին նշեց. «Ի տարբերութիւն լրատուամիջոցներուն մէջ հաղորդուածին, բանակցութիւններուն շուրջ իմ առած իւրաքանչիւր քայլս խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ հակամարգած էի»: «Ինչ կը վերաբերի այն քննադատութիւններուն, որոնք Ուաշինկթընի մէջ եռակողմ բանակցութիւններէն ետք Իսրայէլի` Լիբանանի վրայ իր յարձակումները շարունակելու ազատութիւն տալուն վերաբերեալ … Read more

Իսրայէլեան Բանակը Որոշած Է Ուղղաթիռներու Լիբանան Էջքի Ժամանակը Կրճատել

Զինուորական աղբիւր մը իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց. «Բանակը որոշեց Լիբանանի մէջ լայնածաւալ կերպով տարբեր տիպի ռատարներ տեղակայել»: «Լիբանանի մէջ Կապոյտ գիծը այժմ դարձաւ իսրայէլեան պաշտպանութեան նոր գիծը», նշեց աղբիւրը: Զինուորական աղբիւրը ձայնասփիւռի կայանին ըսաւ. «Բանակը որոշեց Լիբանանի մէջ ուղղաթիռներու էջքի ժամանակը ժամանակաւորապէս կրճատել, Հըզպալլայի կողմէ անոնց թիրախաւորման մտավախութենէն մեկնելով»: «Բանակի ներկայացուցիչը Քնեսեթի մէջ գաղտնի … Read more

Նեթանիահու. «Ցուցմունք Տուի Հըզպալլայի Անօդաչու Թռչող Սարքերու Համակարգը Քանդելու, Եւ Ատիկա Ժամանակի Պիտի Կարօտի»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, թէ իսրայէլեան բանակը երեքշաբթի արշալոյսին «Հըզպալլային պատկանող հսկայական փապուղի մը պայթեցուց»: Ան պնդեց, թէ Իսրայէլ «ենթակառոյցներ կը քանդէ եւ տասնեակներով զինեալներ կը սպաննէ»` աւելցնելով, որ գործողութիւնները «պիտի շարունակուին»: Նեթանիահուի նշեց, որ շաբաթներ առաջ ցուցմունք տուած է գործադրելու «յատուկ ծրագիր մը»` դիմակայելու համար անօդաչու թռչող սարքերու սպառնալիքը: Իսրայէլի վարչապետը շեշտեց, որ … Read more

Ըստ «Այ24 Նիուզ»-ի. Անգարան Ամերիկեան Վարչակազմին Ու Լիբանանին Պաշտօնապէս Իսրայէլի Եւ Լիբանանի Միջեւ Իր Միջնորդութիւնը Առաջարկած Է

Իսրայէլեան «Այ24 ՆԻՈՒԶ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Թուրքիան միջնորդութեան կը դիմէ: Ըստ պատկերասփիւռի կայանին, Անգարա ամերիկեան վարչակազմին ու լիբանանեան կառավարութեան դիմած է եւ պաշտօնապէս առաջարկած Իսրայէլի ու Լիբանանի միջեւ սահմանին վրայ քաղաքական կարգաւորման ձեւաւորման մէջ միջնորդութիւն կատարել: