Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի երէկ այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում ունեցաւ մարոնիներու Ռայի պատրիարքին հետ, որուն հետ քննարկեց ներկայ կացութիւնը, Լիբանանի մէջ կայունութեան ամրապնդման կարելիութիւնները եւ պետութեան ու անոր հաստատութիւններու հոլովոյթին աջակցութիւնը:
Պուխարի պատրիարքին փոխանցեց սէուտական ղեկավարութեան ողջոյնները` բարձր գնահատելով «Ռայի պատրիարքին ազգային եւ հոգեւոր դերակատարութիւն»:
Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը շեշտեց. «Ներկայ փուլը կարիքը ունի իմաստուններու, որոնք աշխատանք կը տանին արմատացնելու ապահովութեան ու կայունութեան մթնոլորտները, ինչպէս նաեւ աջակցելու սահմանադրական հաստատութիւններու ներկայ մարտահրաւէրներու մօտեցումներուն»:
Պուխարի նաեւ նշեց. «Մարդու կառուցումը քարի կառուցումէն առաջ է, եւ հայրենիքին նկատմամբ հաւատարմութեան արմատացումը կը մնայ ապագայ որեւէ զարթօնքի հիմնական սիւնը»:
Ռայի պատրիարքը իր կարգին շեշտեց «ազգային սկզբունքներուն կառչելու եւ լիբանանցի մարդուն արժանապատուութեան ու ապագային պահպանման համար աշխատելու կարեւորութիւնը»:
Մարոնիներու պատրիարքը գնահատեց «Լիբանանին եւ անոր կայունութեան աջակցութեան համար թափուող ջանքերը»:
«Ներկայ փուլը հաւաքական զգօնութիւն եւ ազգային պատասխանատուութիւն կը պահանջէ` պաշտպանելու համար հայրենիքը եւ զայն հաստատ հիմերու վրայ վերակառուցելու համար», յայտնեց Ռայի պատրիարքը: