Պաշտպանութեան Նախարարը Այցելեց Տար Ֆաթուա

Պաշտպանութեան նախարար հազարապետ-զօրավար Միշել Մնասսա այցելեց Տար Ֆաթուա, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիանի հետ եւ շեշտեց լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան, նախարարաց խորհուրդի Պէյրութի մէջ բանակի ներկայութիւնը ամրապնդելու, զէնքը օրինական ուժերու մենաշնորհը դարձնելու եւ անվտանգութիւնը ապահովելու, ինչպէս նաեւ հայրենիքի տեղահանուած զաւակներուն օգնելու համար քայլերու որդեգրման շարունակութիւնը:

Պաշտպանութեան նախարարը հանրապետութեան միւֆթիին հետ իր հանդիպումէն ետք նշեց, որ Պէյրութը, ուր Տար Ֆաթուան կը գտնուի, ազգային միասնականութեան, մէկ ժողովուրդի եւ մէկ բանակի քաղաքն է, ինչպէս նաեւ իր մզկիթներով ու եկեղեցիներով, իր էզաններով ու զանգերով, տարածքով ու ուրախութեամբ անվտանգութեան, ապահովութեան ու հաւատքի քաղաքն է:

Մնասսա ըսաւ, որ շէյխ Տրիան իրեն խօսած է «վտանգներու մտատանջութեան», արդար ու անկեղծ մտավախութիւններու եւ մտատանջութիւններու մասին:

Ան նշեց, որ միւֆթին խօսած է պատասխանատուի հռետորաբանութեամբ, հօր մը մտահոգութեամբ եւ հայրենիքի կայունութեան ու անոր մայրաքաղաքին, անոր ժողովուրդին ու բնակչութեան անվտանգութեան նկատմամբ նախանձախնդրութեամբ:

 

 

Leave a Comment