Շիիներու Իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին եւ անոր հետ քննարկեց Լիբանանի ու շրջանին մէջ ներկայ կացութիւններն ու երկրին մէջ յառաջիկայ փուլի հեռանկարները:
Դեսպան Պուխարի կացութեան ապագային նկատմամբ իր լաւատեսութիւնը յայտնեց` շեշտելով «Լիբանանի մէջ քաղաքացիական խաղաղութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը, բան մը, որուն վրայ թագաւորութիւնը կը հիմնուի իր վերջին աշխատանքին մէջ, եւ այս հարցին մէջ իր յոյսը կը կապէ ողջամիտ ու իմաստուն մարդոց»:
«Այսօր պահանջուածը հոլովոյթ մըն է, որուն շուրջ համաձայնութիւն կը գոյացնեն Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը, խորհրդարանի նախագահն ու վարչապետը` ամրապնդելու համար քաղաքացիական խաղաղութիւնը», նշեց Պուխարի:
Ան յոյսը կապեց «խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի իմաստութեան եւ փորձառութեան, որ իւրաքանչիւր փուլի մէջ ապացուցած է իր դերը եւ երբեք յուսախաբ չէ ձգած անոնք, որոնք իրենց յոյսը անոր կը կապեն»:
«Թաէֆի համաձայնութեան վերադառնալը այն գլխաւոր դուռն է, որ կ՛առաջնորդէ ընդհանուր սկզբունքներու շուրջ համաձայնութեան, լիբանանեան որեւէ բաղադրիչ մասի չվնասելու եւ որեւէ կողմ չմեկուսացնելու», ըսաւ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը:
Ան այս առումով յիշեց խորհրդարանի հանգուցեալ նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնիի «Թաէֆի այլընտրանքը Թաէֆի համաձայնագիրի գործադրութիւնն է» խօսքը:
Շիի Իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխանախագահը իր կարգին ընդգծեց «լիբանանի մէջ քաղաքացիական խաղաղութեան ամրապնդման մէջ Սէուտական Արաբիոյ դերակատարութիւնը»:
«Սեփական քաղաքական ծրագիր չունինք: Մենք կը հաւատանք իսլամ ժողովուրդին, եւ անկէ անջատ չենք կրնար ըլլալ, եւ այս սկզբունքէն երբեք պիտի չշեղինք», շեշտեց շէյխ Խաթիպ:
«Իսրայէլեան եւ արեւմտեան ներթափանցման թափը կոտրելու համար թագաւորութեան դերակատարութեան վրայ յոյս կը կապենք: Մեկնելով ասկէ, կոչ ուղղեցինք` շրջանին մէջ արաբական եւ իսլամական մեծ պետութիւններու գործակցութեան` մշակելու համար ծրագիր մը, որ դէմ կը դնէ սիոնական ծրագիրին:
«Արաբական եւ իսլամական աշխարհը կարիքը ունի զինք պաշտպանող ճակատի մը, եւ թագաւորութիւնը այս հարցին հիմքն է: Կը յուսանք, որ այս գործակցութիւնը իսլամ ժողովուրդի պետութիւններու իրար ամբողջացման կը յանգեցնէ` իւրաքանչիւր երկիր իր իւրայատկութիւնը պահպանելով», նշեց ան:
Պուխարի Նաեւ Այցելեց
Հանրապետութեան Միւֆթիին
Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը նաեւ այցելեց Տար Ֆաթուա, ուր հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիանի հետ իր հանդիպումի ընթացքին ընդգծեց. «Քաղաքացիական խաղաղութեան ամրապնդման համար մարտահրաւէրներու եւ տագնապներու դիմակայման մէջ գերակշիռ պէտք է դարձնել իմաստութիւնն ու միտքը»:
Ան բարձր գնահատեց հանրապետութեան միւֆթիի իսլամական եւ ազգային միաւորող դիրքորոշումները, ինչպէս նաեւ «Լիբանանի ու անոր ժողովուրդին միասնականութիւնը երաշխաւորող անոր ողջախոհ դերակատարութիւնն ու առողջ իմաստութիւնը»:
Դեսպանը բարձր գնահատեց Իսլամական գերագոյն խորուրդի որոշումները, «որովհետեւ իսլամներու եւ լիբանանցիներու շահ կը պարունակեն»` շեշտելով իր երկրին նախանձախնդրութիւնը Լիբանանի ժողովուրդի միասնականութեան նկատմամբ` ընդդէմ իր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:
Պուխարի նշեց, որ Սէուտական Արաբիան դիւանագիտական ջանք կը թափէ Լիբանանին օգնելու եւ միշտ կը կանգնի լիբանանեան պետութեան ու անոր հաստատութիւններուն կողքին` հասնելու համար լուծումներու, որոնք կ՛ամրապնդեն անվտանգութիւնը, կայունութիւնը եւ բարգաւաճումը:
«Սէուտական Արաբիան պետական այրերուն հետ տեւական համագործակցութեան եւ գործակցութեան մէջ է», ընդգծեց դեսպանը:
Հանրապետութեան միւֆթին իր կարգին բարձր գնահատեց շրջանին, մասնաւորաբար Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դերակատարութիւնը` Լիբանանի կայունութեան, անվտանգութեան ու հողային ամբողջականութեան պահպանման աջակցելու եւ նպաստելու համար, մասնաւորաբար Լիբանանի գտնուած արտակարգ պայմաններուն մէջ:
«Պետութեան վերաշինութիւնը Լիբանանի փրկութեան միակ ուղին է», ըսաւ ան եւ կոչ ուղղեց պետութեան հեղինակութիւնը վերականգնելու Լիբանանի բոլոր հողերուն վրայ, զէնքը լիբանանեան բանակին մենաշնորհը դարձնելու, Թաէֆի համաձայնագիրը յարգելու եւ լիբանանցիներու միասնականութիւնը ամրապնդելու:
Միւֆթի Տրիան գոհունակութիւն յայտնեց «եղբայրներու եւ բարեկամներու օգնութեամբ» հանրապետութեան նախագահին ու վարչապետին «պատերազմը դադրեցնելու, կայունութիւնը, հայրենիքի առողջացման ու ոտքի կանգնելու առիթները երաշխաւորող կարգաւորում գտնելու համար դիւանագիտական քայլերուն» նկատմամբ: