Ընդգծելով, Որ Իրենք Զէնքէն Պիտի Չհրաժարին. Շէյխ Քասեմ. «Իշխանութիւնը Չի Կրնար Գոյատեւել, Երբ Լիբանանի Իրաւունքները Կը Մսխէ, Հող Կը Զիջի Եւ Իր Դիմադրող Ժողովուրդին Դէմ Կը Կանգնի»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց. «Զոհաբերութեան, արժանապատուութեան եւ թշնամին պարտութեան մատնելու մթնոլորտին մէջ իշխանութիւնը շտապեց կատարելու ձրի, նուաստացուցիչ եւ ոչ հարկաւոր զիջումներ»:

«Ուղղակի բանակցութիւնները կտրուկ կերպով կը մերժենք, եւ իշխանութեան տէրերը թող իմանան, թէ իրենց վարմունքը Լիբանանին օգուտ պիտի չբերէ, եւ իրենց օգուտ պիտի չբերէ, որովհետեւ թշնամիին իրենցմէ ուզածը իրենց ձեռքը չէ, եւ այն, որ անոնցմէ կ՛ուզէք, ձեզի պիտի չտայ», ըսաւ ան:

«Մուտքն ու լուծումը որեւէ այլ հարցէ առաջ ապահովումն է հինգ կէտերուն, որոնք են` ցամաքէն, ծովէն ու օդէն յարձակումներու դադրեցումը, Իսրայէլի բռնագրաւեալ հողերէն հեռացումը, գերիներու ազատ արձակումը, բնակիչներու իրենց բոլոր գիւղեր ու գիւղաքաղաքներ վերադարձը եւ վերաշինութիւնը», յայտնեց շէյխ Քասեմ:

«Այս իշխանութիւնը չի կրնար գոյատեւել, երբ Լիբանանի իրաւունքները կը մսխէ, հող կը զիջի եւ իր դիմադրող ժողովուրդին դէմ կը կանգնի: Այս իշխանութիւնը պէտք է իր ժողովուրդին վերադառնայ` զայն իր շուրջ հաւաքելու համար, եւ միայն մէկ մասնիկին իշխանութիւնը չըլլայ, այլ` ժողովուրդինը, եւ այն համախոհութեամբ, որուն վրայ հիմնուած է մեր ներկայ սահմանադրութիւնը` Թաէֆի համաձայնագիրը:

«Իշխանութեան պատասխանատուութիւնն է ետդարձ կատարել վտանգաւոր մեղքէն, որ Լիբանանը անկայունութեան ոլորապտոյտի մէջ կը դնէ: Անիկա պատասխանատու է դադրեցնելու իսրայէլացի թշնամիին հետ ուղղակի բանակցութիւնները եւ որդեգրելու անուղղակի բանակցութիւնները, ջնջելու 2 մարտի իր որոշումը, որ կը քրէականացնէ Դիմադրութիւնն ու անոր ժողովուրդը, այսինքն` լիբանանցի ժողովուրդի կէսէն աւելին, որպէսզի կարենանք շարունակել ներքին երկխօսութիւն մը, որ Լիբանանի շահը ամէն բանէ վեր կը դասէ, առանց իսրայէլեան եւ արտաքին ցուցմունքներուն ենթարկուելու», յայտնեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:

«Լուծումի մօտեցումը կը սկսի այն մօտեցումով, որ խնդիրը յարձակումն է, Դիմադրութիւնը այդ յարձակումին հակադարձութիւն է եւ ոչ թէ` պատճառ: Դիմադրութեան զէնքը յարձակումը ետ մղելու համար է, եւ անիկա իսրայէլեան բռնագրաւումին ու յարձակումին Լիբանանը գրաւելով զայն Մեծն Իսրայէլի մաս դարձնելու նպատակներու բացայայտումով, ներկայ փուլին գոյութեան պաշտպանութեան զէնք է», ըսաւ ան:

«Զէնքէն ու պաշտպանութենէն պիտի չհրաժարինք», շեշտեց շէյխ Քասեմ:

«Զինադադար պիտի չըլլար առանց Փաքիստանի մէջ բանակցութիւններուն մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ջանքերուն, այդ ալ Լիբանանի մէջ Դիմադրութեան եւ անոր ժողովուրդի դիւցազներգական տոկունութեան լոյսին տակ: Շնորհակալութի՛ւն Իրանին», ըսաւ ան:

«Տակաւին կը յուսանք, որ իշխանութիւնը իր սխալէն ետդարձ կը կատարէ: Թող յստակօրէն գիտցուի, որ այս ուղղակի բանակցութիւններն ու անոնց արդիւնքները մեզի համար առ ոչինչ են, եւ ո՛չ մօտէն, ո՛չ ալ հեռուէն մեզ կը հետաքրքրեն: Մենք կը շարունակենք Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդին պաշտպանութեան համար մեր դիմադրութիւնը: 2 մարտէն առաջուան վիճակին պիտի չվերադառնանք: Իսրայէլեան յարձակումին պիտի հակադարձենք եւ անոր դէմ պիտի դնենք»:

«Պատմութեան համար արձանագրեցէ՛ք` իսրայէլացի թշնամին մեր բռնագրաւուած հողերէն մէկ թիզի վրայ պիտի չմնայ, եւ մեր ժողովուրդը բռնագրաւեալ Պաղեստինի հետ մեր հարաւային սահմաններու մինչեւ վերջին թիզը պիտի վերադառնայ: Ո՜վ մեր ժողովուրդ, ինչպէս միասնաբար դիմադրեցինք, միասնաբար ալ պիտի կառուցենք: Բարի եկած է ան, որ Լիբանանին կ՛օգնէ, անոր ազատագրման ու վերաշինութեան կ՛աջակցի, իսկ թշնամիին պահանջներուն եւ Լիբանանի ուժը ջլատելու համար աշխատողները ողջունելի չեն», աւելցուց շէյխ Քասեմ:

 

Leave a Comment