Իսրայէլեան Օդուժը Զինադադարէն Ետք Առաջին Անգամ Ըլլալով Պեքայի Վրայ Յարձակումներ Գործեց

Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ զինադադարի հաստատումէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով իսրայէլեան օդուժը երէկ կէսօրէ ետք Պեքայի վրայ յարձակումներ գործեց:

Իսրայէլեան բանակը կէսօրէ ետք յայտարարեց, թէ սկսած է Պեքայի եւ հարաւային Լիբանանի շրջաններու մէջ Հըզպալլայի ենթակառոյցները յարձակումի ենթարկել:

Իսրայէլեան օդուժը նաեւ յարձակումներ գործեց հարաւային Լիբանանի Պընթ Ժպէյլ գաւառի Մաժտալ Սըլմ գիւղի մերձակայքին, Թըպնին եւ Քաֆրա գիւղերուն վրայ:

Իսրայէլեան օդուժը նաեւ ցած բարձրութեան վրայ թռիչքներ կատարեց մայրաքաղաք Պէյրութի, Լեռնալիբանանի, Քեսրուանի եւ Պեքայի վերեւ:

Իսրայէլեան բանակը նաեւ հարաւային Լիբանանի Թայպէ գիւղին մէջ կատարեց մեծ ականահարում մը, որուն ձայնը լսուեցաւ հարաւի տարբեր շրջաններուն եւ Իքլիմ Խարրուպի մէջ:

 

 

Leave a Comment