Ռուպիօ. «Իսրայէլի Եւ Լիբանանի Միջեւ Զինադադարը Իւրայատուկ Է, Որովհետեւ Անոնք Պատերազմի Մէջ Չեն»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտնեց. «Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ զինադադարը չափազանց իւրայատուկ է, որովհետեւ Լիբանանն ու Իսրայէլը պատերազմական վիճակի մէջ չեն: Իսրայէլի խնդիրը Հըզպալլայի հետ է, եւ ցաւօք կուսակցութիւնը Լիբանանի մէջ կը գտնուի` Իսրայէլի վրայ յարձակումներ շղթայազերծելու համար»:

Ռուպիօ այս մասին յայտնեց ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

«Թէ՛ Իսրայէլը, թէ՛ Լիբանանը իրենց միջեւ խաղաղութեան կը ձգտին, եւ երկուքն ալ Հըզպալլայի զոհերն են», աւելցուց ան:

Leave a Comment