Անգլիախօսներու ընկերակցութեան Լիբանանի մասնաճիւղը անցեալ շաբաթ կատարեց իր անգլերէն հրապարակախօսութեան 22-րդ մրցումը` այս տարուան միջազգային հրապարակախօսութեան մրցումին Լիբանանի ներկայացուցիչը ընտրելու համար:
Մրցումը տեղի ունեցաւ Լիբանանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, ուր մրցեցան լիբանանեան տարբեր համալսարաններէ տասը ուսանողներ: Մրցումին յաղթանակ արձանագրեց Հայկազեան համալսարանէն Վահէ Մելքոնեանը, որ Լիբանանը պիտի ներկայացնէ յուլիսին Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք հեղինակաւոր բրիտանական մրցումին` 90 երկիրներէ ուսանողներու կողքին:
Լիբանանի ամերիկեան համալսարանէն Սառա Ղազալ գրաւեց 2-րդ դիրքը, իսկ Հայկազեան համալսարանէն Եարա Առնաութ` 3-րդ դիրքը: