Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի «Սերայի զրոյցներ» յայտագիրին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Նախարարութեան երիտասարդութեան թղթածրարին նկատմամբ մօտեցումը վերջին շրջանին արմատական փոփոխութեան ենթարկուեցաւ. անիկա սկաուտութեան եւ երիտասարդական միութիւններու նման աւանդական շրջագիծերով չսահմանափակուեցաւ, այլ ընդլայնուելով ներառեց համալսարաններն ու անկախ երիտասարդները` փորձերով երիտասարդ սերունդին հետ ուղղակի աւելի համապարփակ յարաբերութիւն ստեղծել»:
«Այս նոր մօտեցման հիմնական նպատակն է նախարարութիւնը վերածել Լիբանանի բոլոր երիտասարդներուն համար նախատեսուած համապարփակ ծածկոյթային կազմակերպութեան` ապահովելով, որ իւրաքանչիւր երիտասարդ ինքզինք անմիջականօրէն ներգրաւուած զգայ անոր աշխատանքին մէջ եւ կարենայ որեւէ պահու մուտք գործել հոն` իր գաղափարներն ու նախաձեռնութիւնները ներկայացնելու համար:
«Նախարարութիւնը կ՛աշխատի մեկնարկին վրայ շարք մը համարկուած նախագիծերու, որոնց շարքին` երիտասարդութեան ազգային ռազմավարութեան, առցանց հարթակի եւ թուային յաւելուածի վրայ, որոնք պիտի նպաստեն բոլոր շրջաններու երիտասարդներուն հետ շարունակական հաղորդակցութեան», ըսաւ նախարարը:
«Նպատակս պարկեշտ մարմնակրթութեան եւ օրէնքի կիրարկման համար աշխատիլն է», շեշտեց Պայրագտարեան: