Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն յայտնեց. «Ոչինչ կ՛արդարացնէ հարաւային Լիբանանի մէջ ներկայիս ընթացող մեծ մագլցումը»` աւելցնելով. «Անհրաժեշտ է, որ կռիւը յաւիտեանս դադրի»:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Իւեթ Քուփըր նշեց. «Լիբանանի մէջ իսրայէլեան զինուորական մագլցումը պատճառ դարձաւ քաղաքայիններու սպանութեան եւ տեղահանման, ենթակառոյցներու քանդման եւ դիւանագիտութեան տարածքի սահմանափակման, եւ այս վիճակը պէտք է վերջ գտնէ»:
«Հըզպալլան պէտք է վերջ տայ Իսրայէլի վրայ իր յարձակումներուն եւ զինաթափուի», ըսաւ ան` շեշտելով. «Բոլոր կողմերը պէտք է յարգեն զինադադարը եւ բարի կամեցողութեամբ ներքաշուին բանակցութիւններուն մէջ»:
Բրիտանիոյ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի հարցերու պետական նախարար Հէյմիշ Ֆոլքնըր նշեց, որ Լիբանանի մէջ մագլցումի շարունակութիւնը կ՛ականահարէ դիւանագիտական ջանքերը, եւ անընդունելի կերպով կ՛ազդէ քաղաքայիններուն վրայ` աւելցնելով, որ Իսրայէլի հակամարտութեան ընդլայնումը պէտք է դադրի:
«Հըզպալլան պէտք է վերջ տայ Իսրայէլի վրայ իր յարձակումներուն եւ զինաթափուի: Պէտք է բոլոր կողմերը յարգեն զինադադարը եւ շարունակեն Միացեալ Նահանգներու ղեկավարած բանակցութիւնները», նշեց Ֆոլքնըր:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վոտիֆուլ հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան բանակի յառաջխաղացքին նկատմամբ մեծ մտահոգութիւն յայտնեց` բոլոր կողմերուն կոչ ուղղելով` կրակոցը դադրեցնելու:
«Որեւէ յաւելեալ մագլցում արդէն իսկ լարուած կացութիւնը պիտի վատթարացնէ եւ Լիբանանի մէջ տեղահանութեան նոր ալիքներու պիտի յանգեցնէ», աւելցուց ան:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ դատապարտեց Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումը եւ կռիւը անմիջապէս դադրեցնելու կոչ ուղղեց:
Ապուլ Ղէյթ նշեց, որ իսրայէլեան ուժերը յառաջացած են լիբանանեան հողերուն վրայ եւ հարաւային Լիբանանի մէջ գիւղեր եւ պատմական վայրեր քանդած, ինչպէս նաեւ քաղաքայինները թիրախաւորած, ինչ որ պատճառ դարձած է անոնց տեղահանութեան:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց` իր զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու եւ ամբողջովին գործադրելու 2006 թուականին հրապարակուած թիւ 1701 որոշումը, որ թշնամական գործողութիւններու դադրեցման եւ Իսրայէլի հարաւային Լիբանանէն հեռացման կոչ ուղղեց: