Թրամփ. «Իսրայէլի Եւ Լիբանանի Միջեւ Շարունակուող Հակամարտութիւնը Չիս Կ՛անհանգստացնէ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Նիւ Եորք Փոսթ» օրաթերթէն Միրետա Տեւինի «Փատ Ֆորս Ուան» յայտագիրին հետ բացառիկ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ երկուշաբթի օր Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահուի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին զինք «շատ խենթ» կոչած է, սակայն շեշտեց, որ «միասնաբար չափազանց լաւ աշխատած են»:

«Լիբանանի հետ կռիւը շարունակելէն անհանգստացած էի», ըսաւ Թրամփ:

Սպիտակ տան ղեկավարը նշեց, որ յարձակումները Միացեալ Նահանգներ-Իրան բանակցութիւնները վտանգեցին, որովհետեւ Իրան պնդեց, որ Հորմուզի նեղուցի վերաբացման, ապա իրանեան հիւլէական ծրագիրի կազմաքանդման շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելէ առաջ Իսրայէլ Հըզպալլայի վրայ յարձակումները դադրեցնէ:

«Իրարու հետ չափազանց լաւ աշխատեցանք: Նեթանիահուն շատ կը սիրեմ: Անոր հետ չափազանաց լաւ կերպով կ՛աշխատիմ», աւելցուց ան` հաստատելով, որ չափազանց զայրացած է եւ Նեթանիահուէն պահանջած կրակոցը դադրեցնել: Ան նաեւ հաստատեց, որ Նեթանիահուն «շատ խենթ» կոչած է, սակայն նշեց, որ իրենց միջեւ յարաբերութիւնը տակաւին լաւ է:

«Ես պատերազմի ժամանակաշրջանին մէջ նախագահ եմ, եւ ան պատերազմի ժամանակաշրջանին մէջ վարչապետ», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

Թրամփ հաստատեց, որ մտահոգուած է, որ այս կողմնակի հակամարտութիւնը կրնայ խաղաղութեան աւելի մեծ համաձայնութիւն մը խոչընդոտել` լաւատեսութիւն յայտնելով Իրանի հետ «համեմատաբար արագ» համաձայնութեան գոյացման նկատմամբ:

Ան նշեց, որ Հորմուզի նեղուցին շուրջ ամերիկեան ծովային շրջափակումը հաւանաբար շարունակուի մինչեւ Աշխատաւորներու տօնը` 7 սեպտեմբերին, ինչ որ բարձր գինով ամբողջ ամառ մը եւ 3 նոյեմբերին նախատեսուած միջանկեալ ընտրութիւններու ընթացքին Հանրապետական կուսակցութեան վնաս կրելու հաւանականութիւն կը նշանակէ:

Թրամփ նշեց, որ Իրանի հետ բանակցութիւնները «արագօրէն կը զարգանան», եւ «հիւլէական զէնք պիտի չըլլայ, եւ այլ շատ լաւ բաներ տեղի պիտի ունենան»:

 

Leave a Comment