Ժոմպլաթ. «Հըզպալլայի Բռնի Ուժով Զինաթափումը Անկարելի Է»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Իսրայէլեան ներկայ պատերազմները իրենց ուղղակի նպատակները շրջանցելով կը ներառեն ականահարումը շրջանային համակարգին, որ ստեղծուեցաւ Սայքս-Փիքօ համաձայնութենէն ետք»:

«Իսրայէլ հարաւային Լիբանանի մէջ կը կիրարկէ կանոնաւոր քանդումի ձեւեր, որոնք մինչեւ հիմա յանգեցան 60 գիւղերու հողի հաւասարեցման եւ տեղահանումին երկու միլիոն լիբանանցիներու, որոնց կ՛արգիլուի տուն վերադառնալ», նշեց ան:

Ժոմպլաթ ըսաւ, որ Իսրայէլ գծած է միակողմանի արգելակիչ «Դեղին գիծ» մը, որ Հերմոն լեռէն Դամասկոսի մօտ սուրիական հողեր կ՛երկարի եւ ապագային կրնայ ընդլայնուելով ընդգրկել Հուրանի եւ Տարաայի շրջանները, միեւնոյն ժամանակ իսրայէլեան ուժերը «անվերջ թուացող պատերազմի մէջ» հասած են Լիթանի գետ:

Անոր կարծիքով, գրեթէ ամբողջական սահմանագծման պարտադրումը ամբողջովին չքացած է 7 հոկտեմբեր 2023-ին` «Թիկունք կանգնելու» պատերազմէն եւ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի ահաբեկումին յաջորդած երկրորդ ճակատումէն ետք` մերժելով Հըզպալլան տեղի ունեցածին միակ պատասխանատուն նկատել:

Ան նշեց, որ Իսրայէլը Կազայի, Լիբանանի եւ Իրանի մէջ «պատերազմը կը մղէ պատերազմի սիրոյն», անոր զուգահեռ բնակեցումով կցելով Այսրյորդանանը` Պաղեստինեան պետութեան ստեղծման երազանքը քանդելու համար:

Ժոմպլաթ նաեւ զգուշացուց. «Հըզպալլայի բռնի ուժով զինաթափումը անկարելի է` նկատի ունենալով, որ լիբանանեան բանակը խառն կազմ ունի, եւ անոր անդամները ամերիկեան կամ իսրայէլեան հրամաններու հիմամբ իրենց սեփական ժողովուրդին դէմ պիտի չկռուին»:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավարը միեւնոյն ժամանակ շեշտեց. «Լիբանանեան պետութիւնը այս ճակատումին մէջ խուսանաւելու որեւէ կարելիութիւն չունի, բացի եթէ զինադադար պարտադրելու ամերիկեան «երեւակայական» ճնշում գործադրուի»:

 

 

Leave a Comment