Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն դատապարտեց Քուէյթի եւ Պահրէյնի վրայ կատարուած իրանեան յարձակումներն ու Քուէյթի միջազգային օդակայանի թիրախաւորումը` զանոնք նկատելով երկու եղբայրական երկիրներու գերիշխանութեան ոտնահարում եւ միջազգային օրէնքներու սկզբունքներու խախտում:
Նախագահ Աուն զօրակցութիւն յայտնեց Քուէյթին եւ Պահրէյնին` կոչ ուղղելով շրջանը զերծ կացուցելու այս յարձակումներու հետեւանքներէն` մագլցումը թուլացնելու համար:
Նշենք, որ Իրանի յարձակումէն ետք Քուէյթի օդակայանը վնասներ կրեց եւ ժամանակաւոր կերպով փակուեցաւ: Քուէյթի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ իրանեան յարձակումին պատճառով արձանագրուած է զոհ մը, եւ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններ վնասուած են:
Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ իր կարգին նշեց. «Իրանեան վարմունքը միջազգային օրէնքին եւ բարի դրացնութեան սկզբունքին կը հակասէ»: