Խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը, որուն անդամ է Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, երէկ կէսօրէ առաջ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպանին հետ:
Յանձնախումբի նախագահ Ֆատի Ալամէ հանդիպումի աւարտին յայտնեց, որ այս հանդիպումը առաջինն է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ պետութիւններու դեսպաններուն հետ տեսակցութիւններու շարքին, անոր նպատակը դեսպանները դնելն է մթնոլորտին մէջ Լիբանանի գտնուած դժուար կացութեան եւ այն պայմաններուն, որոնց մէջ երկիրը կը գտնուի իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառով, միեւնոյն ժամանակ այս հանդիպումները կը միտին Լիբանանի գերիշխանութեան նկատմամբ նշեալ երկիրներու աջակցութիւնը խնդրել:
Ան ըսաւ, որ հանդիպումի ընթացքին պնդուեցաւ, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի դերակատարութեան աւարտէն ետք միջազգային նոր որոշում մը ըլլայ եւ գոյանայ նոր միջազգային ուժ մը, որ կը հսկէ եւ կը փաստագրէ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կ՛երաշխաւորէ, որ Լիբանան իր գերիշխանութեան վերատիրանայ:
«Չինաստանը այսօր Տըպպայէ շրջանին մէջ օփերայի շէնքը տրամադրեց, եւ դեսպանը մեզի խոստացաւ, որ ծրագիրը պատրաստ ըլլայ այս տարուան վերջաւորութեան», ըսաւ երեսփոխանը: