Դեսպան Պաղտասարեան Հանդիպում Ունեցաւ Շուքէյրի Հետ

17 յունիսին Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Սարմէն Պաղտասարեան հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի նախագահի աշխատակազմի ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շուքէյրի հետ: Դեսպան Պաղտասարեան հանդիպումի ընթացքին Շուքէյրին յանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի նամակ-հրաւէրը ուղղուած Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աունին` Երեւանի մէջ հոկտեմբերին կայանալիք ՄԱԿ-ի Կենսաբազմազանութեան մասին հռչակագիրի կողմերու 17-րդ խորհրդաժողովի` ՔՈՓ17-ի ծիրին մէջ նախատեսուող Ղեկավարներու վեհաժողովի մասնակցութեան վերաբերեալ: … Read more

«Եօթներու Խմբակ»-ի Վեհաժողովը Կ՛աջակցի Լիբանանի Մէջ Անմիջական Զինադադարին

Ֆրանսայի Էվիան քաղաքին մէջ գումարուած «Եօթներու խմբակ»-ի վեհաժողովը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց, որ «Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ համաձայնութիւնը պատմական առիթ մըն է Իրանի հիւլէական զէնք ձեռք ձգելը արգիլելու»` շեշտելով «Թեհրանի շրջանային եւ հրթիռային սպառնալիքներու դիմակայումը»: Այս մասին հաղորդեց «Սքայ Նիուզ»: «Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ ղեկավարութեամբ պաշտպանութեան բազմազգեան եւ անկախ նախաձեռնութիւնը կրնայ կարեւոր դեր խաղալ Հորմուզի … Read more

Սմոթրիչ. «Լիբանանէն Նահանջ Պիտի Չըլլայ, Ո՛չ Ուրբաթ Օր, Ո՛չ Ալ Ուրբաթ Օրուընէ Ետք»

Լիբանանէն նահանջ պիտի չըլլայ ո՛չ ուրբաթ օր, ո՛չ ալ ուրբաթ օրուընէ ետք: Այս մասին յայտարարեց Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Պեցալել Սմոթրիչը: «Լիբանանէն նահանջ պիտի չըլլայ` ո՛չ ուրբաթ օր, ո՛չ ալ ուրբաթ օրուընէ ետք: Մենք կը պահպանենք Լիբանանի մէջ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի գործողութիւններու լիարժէք ազատութիւնը», ըսաւ Սմոթրիչ: Ան նշեց, որ Իսրայէլը Լիբանանէն պիտի չհեռանայ, քանի տակաւին Հըզպալլան … Read more

Արաղչի. «Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Որեւէ Յարձակում Կամ Լիբանանեան Հողերու Բռնագրաւում Ուաշինկթընի Հետ Համաձայնութեան Խախտում Պիտի Նկատուի»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց, որ իր երկիրը իր հիւլէական ծրագիրն ու պատժամիջոցներու ջնջումը պիտի արծարծէ Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններու վերջնական փուլին` նշելով, որ այդ բանակցութիւնները 60 օր պիտի տեւեն: Արաղչի ըսաւ, որ պատերազմի աւարտի յայտարարութիւնը «համաձայնութեան առաջին փուլի կարեւորագոյն իրադարձութիւնն էր»` նշելով, որ փոխըմբռնման յուշագիրի պաշտօնական գործադրութիւնը պիտի սկսի ուրբաթ օր: Ան … Read more

«Կը Վերահաստատենք Ուաշինկթընի Բանակցութիւններուն Մէջ Զինադադարի Եւ Իսրայէլի Հեռացման Վերաբերեալ Մեր Դիրքորոշումը» Կ՛ըսեն Աուն Եւ Սալամ

Նախագահական պալատը յայտարարեց, թէ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ ժողովի ընթացքին անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջեւ փոխըմբռնման յուշագիրի յայտարարութենէն ետք տեղական ու շրջանային վերջին զարգացումներուն եւ փոխըմբռնման յուշագիրին արձագանգներուն, ինչպէս նաեւ այդ առնչութեամբ Լիբանանի կատարած հաղորդակցութիւններուն: Քննարկուած են յառաջիկայ շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ Լիբանան-Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ բանակցութիւններու … Read more

Պըրրիի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին. Քալիպաֆ. «Իսրայէլ Պէտք Է Հեռանայ Լիբանանի Մէջ Բռնագրաւուած Շրջաններէն»

Իրանի խորհրդարանի նախագահ, Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններուն մէջ իրանցի աւագ բանագնաց Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ երեքշաբթի օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Քալիպաֆ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնեց, թէ Իսրայէլ պէտք է հեռանայ Լիբանանի մէջ իր բռնագրաւած շրջաններէն: Իրանի խորհրդարանի նախագահը նաեւ «Թելեկրամ»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց. «Հարաւային Լիբանանի բնակիչները պէտք է իրենց … Read more

Քոհեն Պէյրութի Եւ Հարաւային Արուարձաններուն Կը Սպառնայ

Իսրայէլի ուժանիւթի նախարար Էլի Քոհեն յայտնեց, որ Իսրայէլ Լիբանանէն կամ Սուրիայէն շղթայազերծուող որեւէ յարձակումի ուժեղ կերպով պիտի հակադարձէ` աւելցնելով, որ Պէյրութն ու Հարաւային արուարձանները թիրախներու շարքին պիտի ըլլան, եթէ Իսրայէլ հրթիռակոծուի, ռմբակոծուի կամ անօդաչու թռչող սարքով յարձակումի ենթարկուի: Ան նշեց, որ իր երկիրը չի կրնար ընդունիլ «Հըզպալլայի դէմ գործելու լիբանանեան բանակի անկարողութիւնը»` լիբանանեան կառավարութեան ու … Read more

Պեն Ղաֆիր Կը Քննադատէ Հըզպալլայի Թղթածրարը Սուրիոյ Վստահելու Թրամփի Առաջարկը

Իսրայէլի Ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Ղաֆիր քննադատեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Հըզպալլայի թղթածրարը Սուրիոյ յանձնելու առաջարկը: Պեն Ղաֆիր այդ առաջարկը մերժեց` զայն նկատելով Իսրայէլի անվտանգութիւնը «ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչներուն, գլխատողներուն եւ մանուկներ սպաննողներուն» յանձնել: Թրամփ ժամեր առաջ այս մասին յայտարարած էր Ֆրանսայի Էվիան քաղաքին մէջ «Եօթներու խմբակ»-ի վեհաժողովի ընթացքին: Միւս կողմէ, իսրայէլեան լրատուամիջոցներու համաձայն, Պեն … Read more

Անդրադառնալով Ուաշինկթըն-Թեհրան Համաձայնութեան` Շենքըր. «Իսրայէլին Սահմանափակումներ Կրնան Պարտադրուիլ, Սակայն Լիբանանէն Պիտի Չհեռանայ, Եւ Պիտի Շարունակէ Հըզպալլան Հարուածել»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի առաջին նստաշրջանի ընթացքին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Տէյվիտ Շէնքըր «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ համաձայնութեան շուրջ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Իսրայէլին սահմանափակումներ կրնան պարտադրուիլ, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի Պէյրութին, սակայն Իսրայէլ այս համաձայնութեան պատճառով Լիբանանէն պիտի չհեռանայ եւ պիտի շարունակէ Հըզպալլան հարուածել»: «Իրան անգամ մը … Read more

Պաղայի. «Լիբանանի Մէջ Պատերազմին Վերջ Տալը Փոխըմբռնման Յուշագիրի Անբաժանելի Մէկ Մասն Է»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ պատերազմին վերջ տալը Թեհրանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ փոխըմբռնման յուշագիրի անբաժանելի մէկ մասն է: Ան նշեց, որ գոյացած է բոլոր ճակատներուն վրայ, ներառեալ Լիբանանի մէջ ամերիկեան-իսրայէլեան պատերազմին վերջ տալու փոխըմբռնման յուշագիր մը: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտարարեց. «Եթէ պէտք ըլլայ մեր բոլոր կարելիութիւնները պիտի … Read more