Անդրադառնալով Ուաշինկթըն-Թեհրան Համաձայնութեան` Շենքըր. «Իսրայէլին Սահմանափակումներ Կրնան Պարտադրուիլ, Սակայն Լիբանանէն Պիտի Չհեռանայ, Եւ Պիտի Շարունակէ Հըզպալլան Հարուածել»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի առաջին նստաշրջանի ընթացքին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Տէյվիտ Շէնքըր «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ համաձայնութեան շուրջ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Իսրայէլին սահմանափակումներ կրնան պարտադրուիլ, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի Պէյրութին, սակայն Իսրայէլ այս համաձայնութեան պատճառով Լիբանանէն պիտի չհեռանայ եւ պիտի շարունակէ Հըզպալլան հարուածել»:

«Իրան անգամ մը եւս կը միջամտէ Լիբանանի գերիշխանութեան. կ՛որդեգրէ որոշումներ, որոնք Լիբանանի վրայ կ՛ազդեն, եւ Հըզպալլան կը պաշտպանէ` անոր իր շարքերը վերականգնելու առիթ ընծայելով», ըսաւ ան:

«Իրան կը ջանայ Լիբանանը մէկ մասը դարձնել աւելի համապարփակ բանակցութիւններու, որոնք կը վերաբերին Հորմուզի նեղուցին, իրանեան հիւլէական ծրագիրին եւ շրջանային ապահովական համակարգին», նշեց Շենքըր:

Ամերիկացի նախկին պաշտօնատարին համաձայն, Հըզպալլան «համաձայն պիտի չըլլայ զէնքը վար դնելու շուրջ լիբանանեան կառավարութեան հետ բանակցելու, որովհետեւ Իրան Հըզպալլայի գոյատեւումը կ՛ուզէ, եւ ան անոր դիմաց պատասխանատու է, ինչ որ Լիբանանը կը պահէ ռազմավարական ճգնաժամի մէջ»:

Անդրադառնալով այսպէս կոչուած «փորձառական գօտիներուն», որոնք ամերիկեան միջնորդութեամբ Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններու ընթացքին գոյացած համաձայնութեան հիմամբ Հարաւային Լիբանանի մէջ պիտի ստեղծուին, Շենքըր հարց տուաւ, թէ լիբանանեան բանակը «կարո՞ղ է այդ շրջաններուն տիրել»` աւելցնելով. «Ի վերջոյ, Հըզպալլան վերադառնալ պիտի փորձէ, եւ այդ ատեն լիբանանեան պետութիւնը պիտի ստիպուի որոշել, եթէ պատրաստ է զայն ետ մղելու»:

«Լիբանանի դիմագրաւած մեծագոյն մարտահրաւէրը այն է, որ պետութիւնը կարողութիւն կամ թերեւս կամքը չունի իր իշխանութիւնը երկրին ամբողջ տարածքին վրայ պարտադրելու», ըսաւ ան:

«Լուծումը Լիբանան պետութեան կառուցումն է, որովհետեւ Հըզպալլայի ուժը միայն իրանեան աջակցութեան արդիւնք չէ, այլ նաեւ պետութեան տկարութեան հետեւանք», նշեց ամերիկացի նախկին պաշտօնատարը:

«Պետութիւնը ոչ միայն հարաւային Լիբանանի մէջ բացակայ է, այլ նաե՛ւ երկրի այլ շրջաններուն մէջ», շեշտեց Շենքըր:

 

 

Leave a Comment