Պըրրիի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին. Քալիպաֆ. «Իսրայէլ Պէտք Է Հեռանայ Լիբանանի Մէջ Բռնագրաւուած Շրջաններէն»

Իրանի խորհրդարանի նախագահ, Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններուն մէջ իրանցի աւագ բանագնաց Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ երեքշաբթի օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Քալիպաֆ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնեց, թէ Իսրայէլ պէտք է հեռանայ Լիբանանի մէջ իր բռնագրաւած շրջաններէն:

Իրանի խորհրդարանի նախագահը նաեւ «Թելեկրամ»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց. «Հարաւային Լիբանանի բնակիչները պէտք է իրենց բնակավայրերը վերադառնան»:

 

Leave a Comment