Իսրայէլի ուժանիւթի նախարար Էլի Քոհեն յայտնեց, որ Իսրայէլ Լիբանանէն կամ Սուրիայէն շղթայազերծուող որեւէ յարձակումի ուժեղ կերպով պիտի հակադարձէ` աւելցնելով, որ Պէյրութն ու Հարաւային արուարձանները թիրախներու շարքին պիտի ըլլան, եթէ Իսրայէլ հրթիռակոծուի, ռմբակոծուի կամ անօդաչու թռչող սարքով յարձակումի ենթարկուի:
Ան նշեց, որ իր երկիրը չի կրնար ընդունիլ «Հըզպալլայի դէմ գործելու լիբանանեան բանակի անկարողութիւնը»` լիբանանեան կառավարութեան ու բանակին կոչ ուղղելով օգտագործելու Հըզպալլայի դէմ շարժելու «պատմական առիթը»:
«Հըզպալլան իսրայէլեան վերջին զինուորական գործողութիւններուն հետեւանքով դժուար կացութեան մէջ է, եւ Լիբանան այդ ուղղութեամբ ամերիկեան ու եւրոպական աջակցութիւն կը վայելէ», ըսաւ ան:
«Լիբանան կարող է վերատիրանալ իր վարկին, երբ իբրեւ «Միջին Արեւելքի Փարիզ» կը ճանչցուէր, եթէ լիբանանեան պետութիւնը յաջողի իր ամբողջական իշխանութիւնը տարածել եւ վերջ տալ կուսակցութեան զինուորական ազդեցութեան», յայտնեց Քոհեն` աւելցնելով, որ ապագայի ու բարգաւաճման կամ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ բնական յարաբերութիւններու որեւէ հեռանկար կախեալ կը մնայ Հըզպալլայի զինաթափումէն: