Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց, որ իր երկիրը իր հիւլէական ծրագիրն ու պատժամիջոցներու ջնջումը պիտի արծարծէ Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններու վերջնական փուլին` նշելով, որ այդ բանակցութիւնները 60 օր պիտի տեւեն:
Արաղչի ըսաւ, որ պատերազմի աւարտի յայտարարութիւնը «համաձայնութեան առաջին փուլի կարեւորագոյն իրադարձութիւնն էր»` նշելով, որ փոխըմբռնման յուշագիրի պաշտօնական գործադրութիւնը պիտի սկսի ուրբաթ օր:
Ան աւելցուց, որ Լիբանանի մէջ պատերազմի աւարտը Իրանի հետ պատերազմի աւարտման մէջ «պարտադիր կէտ մը» կը նկատուի` աւելցնելով, որ փոխըմբռնման յուշագիրի առաջին կողմը Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլն են, իսկ երկրորդ կողմը` Իրանն ու Հըզպալլան:
Իրանեան դիւանագիտութեան պետը շեշտեց, որ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան զինուորական որեւէ յարձակում կամ բռնագրաւումի շարունակութիւնը փոխըմբռնման յուշագիրի խախտում կը նկատուի:
«Լիբանանի մէջ պատերազմին վերջ տալը Իրանի մէջ պատերազմի վերջ տրուելուն անբաժանելի մասն է, եւ լիբանանեան հողերէն իսրայէլեան հեռացում կը պարունակէ», աւելցուց Արաղչի: