Պաղայի. «Լիբանանի Մէջ Պատերազմին Վերջ Տալը Փոխըմբռնման Յուշագիրի Անբաժանելի Մէկ Մասն Է»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ պատերազմին վերջ տալը Թեհրանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ փոխըմբռնման յուշագիրի անբաժանելի մէկ մասն է:

Ան նշեց, որ գոյացած է բոլոր ճակատներուն վրայ, ներառեալ Լիբանանի մէջ ամերիկեան-իսրայէլեան պատերազմին վերջ տալու փոխըմբռնման յուշագիր մը:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտարարեց. «Եթէ պէտք ըլլայ մեր բոլոր կարելիութիւնները պիտի օգտագործենք Լիբանանի համար, եւ ատիկա նախապէս ապացուցած ենք»:

«Հարաւային արուարձաններուն մէջ երէկ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւնը վերածուեցաւ մեր շահերու եւ Դիմադրութեան շահերու առաւելագոյն աստիճանի իրագործման առիթի», նշեց Պաղայի:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նաեւ ըսաւ. «Զուիցերիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու հետ համաձայնութեան ստորագրումէն առաջ շրջանի պետութիւններ այցելութիւններ կը նախատեսուին»:

Leave a Comment