Իսրայէլի Ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Ղաֆիր քննադատեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Հըզպալլայի թղթածրարը Սուրիոյ յանձնելու առաջարկը:
Պեն Ղաֆիր այդ առաջարկը մերժեց` զայն նկատելով Իսրայէլի անվտանգութիւնը «ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչներուն, գլխատողներուն եւ մանուկներ սպաննողներուն» յանձնել:
Թրամփ ժամեր առաջ այս մասին յայտարարած էր Ֆրանսայի Էվիան քաղաքին մէջ «Եօթներու խմբակ»-ի վեհաժողովի ընթացքին:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան լրատուամիջոցներու համաձայն, Պեն Ղաֆիր ջնջեց Միացեալ Նահանգներ «անձնական» այցելութիւն մը` մեկնելով այն մտավախութենէն, որ Միացեալ Նահանգներ մուտքի արտօնագիր չի կրնար ստանալ:
Ամերիկեան դեսպանատունը պայման դրած էր, որ մուտքի արտօնագիր ստանալու համար ան անձամբ դեսպանատուն ներկայանայ եւ մատնահետքերը յանձնէ: