Սմոթրիչ. «Լիբանանէն Նահանջ Պիտի Չըլլայ, Ո՛չ Ուրբաթ Օր, Ո՛չ Ալ Ուրբաթ Օրուընէ Ետք»

Լիբանանէն նահանջ պիտի չըլլայ ո՛չ ուրբաթ օր, ո՛չ ալ ուրբաթ օրուընէ ետք: Այս մասին յայտարարեց Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Պեցալել Սմոթրիչը:

«Լիբանանէն նահանջ պիտի չըլլայ` ո՛չ ուրբաթ օր, ո՛չ ալ ուրբաթ օրուընէ ետք: Մենք կը պահպանենք Լիբանանի մէջ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի գործողութիւններու լիարժէք ազատութիւնը», ըսաւ Սմոթրիչ:

Ան նշեց, որ Իսրայէլը Լիբանանէն պիտի չհեռանայ, քանի տակաւին Հըզպալլան զինաթափուած չէ:

«Մենք հարաւային Լիբանանի մէջ պիտի մնանք: Մենք պիտի խորացնենք այնտեղ մեր ներկայութիւնը: Քանի տակաւին Հըզպալլան զինաթափուած չէ, մենք այնտեղ պիտի մնանք երկարաժամկէտ հիմքով` այնքան տարի, որքան անհրաժեշտ ըլլայ», յայտնեց նախարարը:

 

Leave a Comment