Նախագահական պալատը յայտարարեց, թէ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ ժողովի ընթացքին անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջեւ փոխըմբռնման յուշագիրի յայտարարութենէն ետք տեղական ու շրջանային վերջին զարգացումներուն եւ փոխըմբռնման յուշագիրին արձագանգներուն, ինչպէս նաեւ այդ առնչութեամբ Լիբանանի կատարած հաղորդակցութիւններուն:
Քննարկուած են յառաջիկայ շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ Լիբանան-Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ բանակցութիւններու յաջորդ փուլի պատրաստութիւնները:
Աուն եւ Սալամ ըսած են, թէ Միացեալ Նահանգներ-Իրան փոխըմբռնումը դրական ազդակ է շրջանին մէջ լարուածութեան մեղմացման առումով, եւ խաղաղ լուծումներու ու պատերազմական վիճակին վերջ տալու ուղղութեամբ մղում կու տայ:
Անոնք ընդգծեցին Ուաշինկթընի բանակցութիւններուն մէջ լիբանանեան դիրքորոշման հաստատակամութիւնը, ինչ կը վերաբերի վերջնական զինադադարին իսրայէլեան ուժերուն իրենց բռնագրաւած հողերէն հեռացման, լիբանանեան բանակին մինչեւ միջազգային սահմաններ տեղակայման, լիբանանցի գերիներու տունդարձին եւ վերաշինութեան հոլովոյթի սկզբնաւորման: