Սալամ. «Շրջագծային Համաձայնութիւն» Բառակապակցութեան Հետ Խնդիր Ունիմ. Մենք Գործ Ունինք Ոչ Թէ Համաձայնութեան Հետ, Այլ Իրաւական Հետեւանքներ Չունեցող Քաղաքական Շրջագիծի Հետ»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Շրջագծային համաձայնութիւն» բառակապակցութեան հետ խնդիր ունիմ, անիկա սխալ հասկացողութիւններ կը յառաջացնէ: Մենք գործ ունինք ոչ թէ համաձայնութեան հետ: Անիկա «շրջագիծ» կը կոչուի, եւ անիկա եռակողմ շրջագիծ է, որ կ՛ուղղորդէ բանակցութիւնները եւ ընթացքը կը սահմանէ: Շրջագիծի նպատակն է հասնիլ համաձայնութեան մը, որ կը յանգեցնէ քաղաքական պարտաւորութիւններու, մինչդեռ համաձայնութիւնը կամ համաձայնագիրը կը յանգեցնէ իրաւական պարտաւորութիւններու»:

«Մեր նպատակը հարաւցիներուն իրենց տուներ վերադարձը եւ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելն է: Երկրորդ` պատերազմը աւելի քան հինգ հազար նահատակի պատճառ դարձաւ, Իրանի հանգուցեալ գերագոյն հոգեւոր պետ սէյիտ Ալի Խամէնէիին առնչուած վրէժխնդրական գործողութեան մը մէջ», ըսաւ ան` նշելով, որ շրջագիծի գործադրութիւնը պէտք է յանգեցնէ Լիբանանէն իսրայէլեան հեռացման, «եւ մեր տեղահանուած ժողովուրդին արտօնէ անվտանգ եւ արժանապատիւ կերպով վերադառնալ իր գիւղեր եւ տուներ»:

«Կ՛ուզեմ հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն դիմել. «Լիբանանեան հողերէն դուրս վերատեղակայման եւ հեռացման տարբերութիւնը ի՞նչ է, եւ շրջագիծը հողերէն, բոլոր հողերէն դուրս տեղակայում կը պարունակէ, ինչ որ հեռացում կը նշանակէ», յայտնեց վարչապետը:

Պատասխանելով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթին` Սալամ ըսաւ. «Կը հասկնամ մտավախութիւնը, եւ «զինադուլի համաձայնութիւն»-ը քաղաքական հեղինակութիւն մըն է, որմէ մնացին անոր սկզբունքները, եւ որպէսզի գործադրելի դառնայ, պէտք է արդիականացուի»:

Ան ընդգծեց, որ ո՛չ հանրապետութեան նախագահը, ո՛չ ալ վարչապետը կրնայ սկզբունքներէն եւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրէն դուրս բանակցիլ, իսկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին նախանձախնդիր է, որ բանակցութեան որեւէ հոլովոյթի մէջ երկխօսութեամբ աշխատինք:

Սալամ յայտնեց, որ քանի մը օրէն Զաութար Ղարպիէէն, Զաութար Շարքիէէն եւ շարք մը այլ գիւղերէ հեռացում տեղի պիտի ունենայ, իսկ Ղանտուրիէն եւ Ֆրունը ներառող երկրորդ շրջանի կացութիւնը տարբեր է, որովհետեւ այդտեղ իսրայէլեան ներկայութիւն չկայ, սակայն կրակոցով կը վերահսկուի:

«Հըզպալլայի հետ բախումի չենք ձգտիր: Աւելի՛ն. պէտք է անոր հետ զինեալ բախումէն խուսափինք, սակայն քաղաքացիական պատերազմով շանթաժի եւ սպառնալիքի պիտի չենթարկուինք եւ զէնքի մենաշնորհումէն ետդարձ պիտի չկատարենք: Հըզպալլայէն միայն կ՛ուզեմ, որ յարգէ իր խոստումները, որոնք նշուած են Թաէֆի համաձայնագիրին, թիւ 1701 որոշումին, թշնամական արարքներու դադրեցման յայտարարութեան եւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ», շեշտեց վարչապետը:

 

 

Leave a Comment