Նախագահ Աուն. «Թող Ոչ Ոք Ճշմարտութիւնը Աղաւաղէ Իր Համակիր Զանգուածը Համոզելու, Թէ Այն, Ինչ Որ Տեղի Ունեցաւ, Անձնատուութիւն Եւ Նուաստացում Է»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն յայտնեց, թէ Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած շրջագծային համաձայնութիւնը կը ներառէ յօդուածներ, որոնք կը վերաբերին իսրայէլեան հեռացումին, տեղահանուածներուն ու գերիներուն, մինչեւ իսկ լիբանանցիներու Իսրայէլ գտնուող դիակներուն վերադարձին` նշելով, որ ասիկա համաձայնագիր մը չէ, այլ շրջագիծ:

Ան նշեց, որ Լիբանանի հարցը Իսրայէլի հետ է, ան գերիշխան պետութիւն է, ինքն իր համար բանակցելու որոշում տուաւ, եւ շրջագծային համաձայնութեան մէջ իր արդարադատական, քաղաքական եւ մարտական սկզբունքներէն չզիջեցաւ, ինչպէս ոմանք կ՛ըսեն:

Հանրապետութեան նախագահը բարձր գնահատեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի սադրանքը կանխարգիլելու դիրքը: «Պըրրին երկու հիմնական կարմիր գիծեր քաշեց` սադրանքն ու բանակը խաթարելը արգիլուած նկատելով, եւ մենք բոլորս այս երկու հարցերուն համաձայն ենք», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն բանակցութիւններուն եւ շրջագծային համաձայնութեան ընդդիմացողներուն կոչ ուղղեց` այլընտրանք ներկայացնելու կամ իրենց տեսակէտները յայտնելու կառոյցներուն մէջ` վերահաստատելով, որ տարակարծութիւնը սրբազան իրաւունք է, «ուստի քաղաքական քննարկում կատարենք, սակայն վէճը արգիլուած է: Թող ոչ ոք փողոց դիմէ եւ ճշմարտութիւնը աղաւաղէ իր համակիր զանգուածը համոզելու, թէ այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ, անձնատուութիւն եւ նուաստացում է»:

Հանրապետութեան նախագահը հերքեց բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալը կամ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնէն բացի մնացեալ ապահովական մարմիններու ղեկավարները պաշտօնազրկելու մտադրութեան մասին տարաձայնութիւնները:

Ան բարձր գնահատեց անոնց դերակատարութիւնն ու թափած ջանքերը` շեշտելով, որ այդպիսի տարաձայնութիւններուն նպատակը բանակն ու ապահովական ուժերը հարուածելն է, եւ ոչ թէ անոնց դերին եւ ներկայութեան ամրապնդումը:

 

Leave a Comment