Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սարմէն Պաղտասարեան 30 յունիսին հանդիպում ունեցած է Լիբանանի ընկերային հարցերու նախարար Հանին Սէյիտի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան դիմատետրեան էջը:
Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ուղարկուած մարդասիրական օգնութեան, Լիբանանի մէջ պատերազմի պատճառով ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամային իրավիճակին, ինչպէս նաեւ ոլորտին մէջ երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցերու: