Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Հատաս» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտարարեց. «Իտալիոյ հետ կը պատրաստուինք, ամերիկեան զօրակցութեամբ, հարաւային Լիբանանի մէջ միջազգային դաշինքի ուժեր տեղակայելու»:
«ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան աւարտէն ետք միջազգային ուժերու տեղակայումը Լիբանանի պահանջով եւ անոր բանակին աջակցութեան համար է», նշեց նախարարութիւնը:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ «Հատաս»-ին յայտնեց. «Բրիտանիոյ եւ շրջանին մէջ մեր գործընկերներուն հետ բանակցութիւններ կը վարենք` Հորմուզի նեղուցի վերաբացման համար»: