Անդրադառնալով Շրջագծային Համաձայնութեան` Պըրրի. «Պատրաստ Եմ Փոխզիջումի, Եթէ Միւս Կողմը Պատրաստ Է»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Տիար» օրաթերթի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ շրջագծային համաձայնութեան ստորագրումէն ետք ստեղծուած ճգնաժամէն ելքի հասնելու կարելիութիւն գոյութիւն ունի, եւ փոխզիջումնային լուծումի դուռը տակաւին բաց է` շեշտելով, որ ինք պատրաստ է ելք գտնելու, եթէ միւս կողմը եւս պատրաստ է` ընդգծելով. «Ոչ ոք կ՛ուզէ, որ երկիրը անելի մատնուի»:

Անդրադառնալով փոխզիջումնային լուծումի ձեւին` Պըրրի վերահաստատեց Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութիւններուն իր ընդդիմութիւնը` նշելով, որ ինք գիտէր, թէ անոնք ո՛ւր պիտի հասցնեն, եւ յանգած են համաձայնութեան, որ ինք սադրանք որակած է, որ վատ է եւ Լիբանանի նկատմամբ անարդար:

Ան նշեց, որ 27 նոյեմբեր 2024-ին իր հովանաւորած համաձայնութիւնը այլ էր, որովհետեւ յանգեցաւ Լիթանիի հարաւէն Հըզպալլայի ամբողջական հեռացման` առանց ուղղակի բանակցութեան դիմելու:

Պըրրի ըսաւ, որ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ կապ հաստատուած է, եւ կոչ ուղղուած` Իսրայէլի գաւառներու հիմամբ եւ ոչ թէ փորձառական շրջաններու հիմամբ հեռացումի սկզբունքը որդեգրելու: Պաապտայի պալատը ընդունած է առաջարկը, սակայն հետագային իրենք անակնկալի մատնուած են տեսնելով, որ փորձառական շրջաններու սկզբունքը որդեգրուած է:

Խորհրդարանի նախագահը յայտնեց, որ Հըզպալլայի իսրայէլեան ամբողջական հեռացման դիմաց Լիթանիի հարաւէն հեռացման պատրաստակամութիւն գոյութիւն ունի, իսկ Լիթանիէն հիւսիս զէնքի գոյութեան վերաբերեալ դիրքորոշումը հիմնուած է զայն լիբանանեան պետութեան շրջագիծին մէջ զսպման վրայ, եւ ոչ միայն Լիթանիէն հիւսիս, այլ ամբողջ Լիբանանի մէջ, ուր պետութիւնը պիտի ըլլայ միակ հեղինակութիւնը:

«Իսրայէլ իր ճնշումներուն ու պահանջներուն ճամբով աշխատանք կը տանի լիբանանեան բանակը Դիմադրութեան հետ բախումի մղելու», ըսաւ Պըրրի` աւելցնելով. «Ատիկա տեղի պիտի չունենայ, որովհետեւ լիբանանցիները կը գիտակցին ներքին սադրանքի մէջ ներքաշուելու վտանգին, եւ որովհետեւ բանակն ու Դիմադրութիւնը իսրայէլեան նպատակներուն պիտի չծառայեն»:

Ան շեշտեց, որ առաջնահերթութիւն կը մնան ներքին կայունութեան պաշտպանութիւնը եւ քաղաքական տարակարծութեան փողոց տեղափոխուիլը չարտօնելը` նկատի ունենալով, որ ատիկա քաղաքացիական խաղաղութեան պաշտպանութեան առաջին գիծն է:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ հանրապետութեան նախագահին պատգամ մը ունի՞, ան բաւարարուեցաւ ըսելով, որ ներկայիս որեւէ պատգամ չունի յղելիք:

Ինչ կը վերաբերի տագնապէն դուրս գալու կարելիութիւններուն, Պըրրի վերահաստատեց իր կարծիքը, թէ Լիբանան կարիքը ունի միջազգային ծածկոյթի, որ կարգաւորման կ՛օգնէ` նշելով, որ այդ ծածկոյթին պէտք է միանան Միացեալ Նահանգները, Սէուտական Արաբիան եւ Իրանը, որովհետեւ, իր կարծիքով, ատիկա կենսունակ որեւէ կարգաւորման հիմնական երաշխիք է:

Անդրադառնալով արաբական ու միջազգային, մասնաւորաբար եգիպտական ու քաթարեան ներկայ հաղորդակցութիւններուն, Պըրրի ողջունեց բոլոր նախաձեռնութիւնները, որոնք Լիբանանին իր ճգնաժամը յաղթահարել օգնելու համար են` շեշտելով, որ լիբանանցիները միաւորելու եւ պառակտման ուրուականը հեռացնելու նպատակը հետապնդող արաբական կամ միջազգային որեւէ ջանք ողջունելի է:

Leave a Comment