Տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս նշեց, թէ անցեալ շաբաթ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ուղղակի բանակցութիւններու հինգ փուլերէ ետք գոյացած շրջագծային համաձայնութիւնը «միայն շրջագիծ է, որուն նպատակը լիբանանեան հողերէն ամէն թիզի վերատիրացումն է»: Ան այս մասին յայտնեց «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին:
Մըրքոս կոչ ուղղեց` «բանակցութեան հոլովոյթին իր նպատակներու իրագործման բաւարար առիթ ընծայելու»:
Տեղեկատուութեան նախարարը շեշտեց «հաւասարակշռուած եւ կայունութեան հոլովոյթի համահունչ հանդարտ ներքին հռետորաբանութեան որդեգրման կարեւորութիւնը»:
«Հանդարտութեան պահպանումն ու երկխօսութեան աջակցութիւնը յառաջիկայ փուլի յաջողութեան գլխաւոր գրաւականերն են», նշեց Մըրքոս: