Շիպանի. «Սուրիան Կայունութեան Ամրապնդման Մէջ Գործուն Գործընկեր Պիտի Մնայ»

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանի յայտնեց. «Այսօր Սուրիա-Լիբանան յարաբերութիւններու հոլովոյթին մէջ գերիշխանութեան փոխադարձ յարգանքի, բարի դրացնութեան, մեր երկու ժողովուրդներու հասարակաց շահերուն ծառայող շինիչ գործակցութեան հիմամբ նոր քայլ կ՛առնենք»:

«Լիբանանի մեր եղբայրներուն հետ կը հաստատենք երկկողմանի յարաբերութիւններու նոր փուլ` ստորագրումովը Սուրիա-Լիբանան միացեալ բարձրագոյն յանձնախումբի ստեղծման համաձայնագիրին, որ պիտի ըլլայ մնայուն հաստատութենական շրջանակ, որ պիտի խթանէ մեր երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնն ու համակարգումը քաղաքական, տնտեսական, անվտանգութեան, մշակութային եւ ընկերային ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ փոխադրութեան, ուժանիւթի, ջուրի, առողջապահութեան եւ հաղորդակցութեան ոլորտներուն մէջ», ըսաւ ան:

«Սուրիան կայունութեան ու բարգաւաճման ամրապնդման գործուն գործընկեր պիտի մնայ, եւ կը հաւատանք, թէ լիբանանեան պետութեան հետ ուղղակի երկխօսութիւնը եւ հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող թղթածրարներուն մէջ գործնական գործակցութիւնը մեր երկու երկիրներուն ու շրջանին համար աւելի ապահով ու բարգաւաճ ապագայ կառուցելու ուղին է», նշեց սուրիական դիւանագիտութեան պետը:

 

 

Leave a Comment