Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ «Լ՛Օրիան Լը Ժուր» օրաթերթին յայտնեց. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ շրջանակային համաձայնութեան տապալման դաշինքին մաս պիտի չկազմեմ, ինչպէս նաեւ անոր պիտի չզօրակցիմ, եւ 1983-ի բեմագրութիւնը կրկնել չեմ ուզեր»:
«Համաձայնութիւնը լիբանանեան պետութեան կողմէ սխալ քայլ է», ըսաւ ան եւ կոչ ուղղեց զայն վերատեսութեան ենթարկելու` նշելով. «Համաձայնութիւնը գործադրելի պիտի չըլլայ»:
Ժոմպլաթ յիշեցուց, որ 17 մայիս 1983-ի համաձայնութիւնը իսրայէլեան բանակի հեռացում կը պարունակէր, իսկ 2026-ի համաձայնութիւնը փորձառական շրջաններու ստեղծում կը պարունակէ. լիբանանեան բանակը անոնց վերահսկողութիւնը կը ստանձնէ, եւ Իսրայէլին կը մնայ որոշել, եթէ պիտի հեռանայ կամ ոչ:
«Համաձայնագիրի որոշ կէտեր լիբանանեան բանակը կը դնեն իսրայէլեան բանակի ողորմութեան տակ` առանց հեռացման որեւէ յստակ թուականի, եւ «հեռացում» բառը համաձայնութեան բնագիրին մէջ ոչ իսկ մէկ անգամ նշուած է», ըսաւ ան:
«Պատրաստ եմ պետութեան օգնելու, եթէ որոշէ համաձայնութիւնը վերատեսութեան ենթարկել, որովհետեւ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ բանակցութիւնները տակաւին շատ անորոշ են: Ուստի, պէտք է կեդրոնանանք լիբանանեան հոլովոյթին, եւ ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ երկկողմանի համաձայնութեան սկզբունքին վրայ», յայտնեց Ժոմպլաթ: