«Ազդակ»-ի 87-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 11 յունիս 2026-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին: Հակամարտութիւններու լուծման փորձագէտ եւ «Քարթըր» հիմնարկի նախկին տնօրէն Հրայր Պալեան ներկայացուց իր հեղինակած «Անաւարտ խաղաղութիւն» հատորը: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:
Երկու ժամ տեւած լսարանը բաժնուեցաւ հատորի ներկայացման եւ անոր հետեւած հետաքրքրական քննարկումին միջեւ: Արցախեան բանակցութիւններուն հիմնական փուլերուն, հայկական կողմի դիւանագիտական մօտեցումներուն, արձանագրուած բացթողումներուն, վերջին պատերազմին տուն տուող պատճառներուն եւ այս բոլորին աշխարհաքաղաքական ներգրաւուածութեան մասին տուեալներու վրայ կատարուած գնահատականները հիմնական առանցքն էին հատորի բովանդակութեան եւ անոր ներկայացումին:
Հրայր Պալեանի փորձագիտութիւնը եւ անցած արհեստավարժ ուղին հիմնովին նպաստեցին բազմակողմանի դիտանկիւններով` մեր երկրին ու պետութեան համար ճակատագրորոշ իրադարձութիւններու ընկալման փորձին:
Լսարանի տեսագրութիւնը տեղադրուած է «Ազդակ»-ի եութուպեան ալիքին վրայ` https://www.youtube.com/watch?v=bhvusGSmObQ&t=11s