29 մայիս 2026-ին, «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի կեդրոնին մէջ բացումը կատարուեցաւ հանգուցեալ արուեստագէտ Զոհրապ Քէշիշեանի մէկ կտաւին, որ նուիրուած էր իր եղբօր դստեր` Թալին Գանլէճեանի կողմէ:
Արարողութիւնը սկսաւ Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեանի աղօթքով: Անկէ ետք արտասանած իր խօսքին մէջ տէր հայրը բարձր գնահատեց Թ. Գանլէճեանի առատաձեռնութիւնը` Զոհրապ Քէշիշեանի ժառանգութիւնը անմահացնելու համար անոր արուեստի գործերը հայկական հաստատութիւններուն նուիրաբերելով:
«Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի տնօրէն Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան եւս իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Թ. Գանլէճեանին` նշելով, որ Զոհրապ Քէշիշեանի կտաւին նուիրաբերութիւնը արժէքաւոր մշակութային եւ գեղարուեստական ներդրում մըն է հիմնարկին համար: Ան շեշտեց կարեւորութիւնը նման իմաստալից նուիրատուութիւններու, որոնք սերտօրէն կը համընկնին հիմնարկի առաքելութեան եւ արժէքներուն հետ:
Թալին Գանլէճեան իր ուրախութիւնը յայտնեց նկարը նուիրաբերելու առիթին համար` բացատրելով, որ արուեստի գործը կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի պատմութեան ընթացքին կրած դժուարութիւններն ու տառապանքները, սակայն միաժամանակ կը փոխանցէ յոյսի պատգամ` իր լուսաւոր երանգներով եւ Յիսուս Քրիստոսի կրկնուող պատկերով, որ յաճախակի կերպով ներկայ է Զոհրապ Քէշիշեանի ստեղծագործութիւններուն մէջ:
Հանդիպումը աւարտեցաւ ջերմ զրոյցներով եւ փոխադարձ գնահատանքի արտայայտութիւններով, որոնց միջոցով ներկաները անդրադարձան թէ՛ արուեստագէտին մնայուն ժառանգութեան եւ թէ՛ հայկական մշակութային ոգիին շարունակական կենսունակութեան: