ՀՅԴ Հանրային Կապերու Գրասենեակը Կը Դատապարտէ Լիբանանեան Բանակին Դէմ Կատարուած Ոճիրը

ՀՅԴ Լիբանանի Հանրային կապերու գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով խստիւ դատապարտեց իսրայէլեան ուժերուն նախայարձակումը, որ թիրախաւորեց լիբանանեան բանակին պատկանող մեքենայ մը եւ պատճառ դարձաւ հազարապետ զօրավարի մը, սպայի մը եւ զինուորի մը նահատակութեան` հայրենիքին ծառայելու եւ անոր զաւակները պաշտպանելու իրենց պարտականութիւնը կատարելու ընթացքին:

«Ազգային գերիշխանութեան եւ պետութեան միասնականութեան խորհրդանիշը եղող լիբանանեան զինուորական հաստատութեան թիրախաւորումը աղաղակող ոտնձգութիւն է միջազգային օրէնքին դէմ, ինչպէս նաեւ ուղղակի յարձակում Լիբանանի եւ անոր պաշտօնական հաստատութիւններուն վրայ: Այս շարունակուող յարձակողապաշտութիւնը տեղի կ՛ունենայ միջազգային անընդունելի լռութեան պայմաններուն մէջ, ինչ որ կ՛ենթադրէ միջազգային յստակ եւ վճռական կեցուածքի որդեգրում, որ վերջ կու տայ այս ոտնձգութիւններուն եւ անոնց պատասխանատուներու վրայ կը բեռցնէ ամբողջական պատասխանատուութիւնը», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Leave a Comment