Չորեքշաբթի, 3 յունիս 2026-ին Այնճարէն պատուիրակութիւն մը շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ Զահլէի եւ Պեքայի միւֆթի շէյխ Ալի Ղազզաուիի` Ատհայի տօնին առիթով:
Պատուիրակութիւնը կը բաղկանար Պեքայի հոգեւոր տեսուչ Եզեկիէլ վրդ. Սելումեանէ, Այնճարի քաղաքապետ Սեդրակ Հաւաթեանէ, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներէ եւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Յարութիւն Զէյթլեանէ: