Վաստակաւոր Ուսուցիչներու Մեծարանքի Հանդիսութիւն – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Կիրակի, 24 մայիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին տեղի ունեցաւ վաստակաւոր ուսուցիչներու մեծարանքի հանդիսութիւն մը, որուն ընթացքին, ՄԱՀԱԵՄ-ի Կրթական խորհուրդին կազմակերպութեամբ եւ անոր Կեդրոնական մարմինին հովանաւորութեամբ, շքադրուեցան 12 ուսուցիչներ, որոնք 25 եւ աւելի տարիներէ ի վեր իբրեւ կրթական մշակներ կը գործեն գլխաւորաբար հայ աւետարանական վարժարաններուն մէջ: Մեծարուեցան հետեւեալ կրթական մշակները. Հայ աւետարանական քոլեճէն Թալին Չոլաքեան, Մարիա Ռահպանի, Ռոզ Պշարա, Վարդուկ Ֆռնզլեան եւ Տունիա Նէայմէ. Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանէն` Մարալ Տէիրմենճեան եւ Մարալ Հայտոսթեան. Հայ աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան վարժարանէն` Զեփիւռ Քէշիշեան, իսկ Այնճարի Հայ աւետարանական վարժարանէն` Արփա Անտոնեան, Մանուշակ Գազանճեան, Ռանիա Պէրպէրի եւ Ֆէյըզ Ալքատի:

Յայտագիրը սկսաւ Աստուածաշունչի ընթերցումով եւ աղօթքով, զոր մատուց վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան` հովիւ Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ:

Հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ ունեցան Կրթական խորհուրդի ատենապետ դոկտ. Արտա Էքմէքճի` բացման խօսքով, ապա` Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, որ յաւուր պատշաճի իր սրտի խօսքին մէջ շեշտեց դպրոցին դերակատարութիւնը մանաւա՛նդ լիբանանեան բազմատեսակ տագնապներու այս օրերուն: Ան վեր առաւ ուսուցիչին էական դերը, թէ մերօրեայ արագավազ փոփոխութիւններուն մէջ հարկ է որ յաջորդ սերունդին ապահովէ ո՛չ միայն գիտութիւն, այլ նաեւ` ապագայի հանդէպ յոյս ու մարդկային արժէքներու հանդէպ հաւատք:

Նուագով հանդէս եկան Հայ աւետ. քոլեճէն աշակերտներ, զուգերգով` Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանէն, ասմունքով` Այնճարի Հայ աւետ. վարժարանէն: Պարգեւատրուող ուսուցիչները իրենց շքանշանները ստացան ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահի տեղապահ, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանէն:

Ապա շքադրուող մշակներուն կողմէ հայերէնով խօսք առաւ Զեփիւռ Քէշիշեան (Հայ աւետ. Շամլեան Թաթիկեան վարժարան), իսկ արաբերէնով` Ֆէյըզ Ալքատի (Հայ աւետ. վարժարան, Այնճար):

ՄԱՀԱԵՄ-ի խօսքը արտասանեց վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ նշեց, թէ 180 տարիներ առաջ իսկ, իր հիմնադրութեան առաջին օրերէն, Հայց. աւետարանական եկեղեցիին համար կրթական հաստատութիւնն ու դաստիարակները եղած են անհրաժեշտ սիւներ` էապէս սատարելով Աւետարանը քարոզողներուն առաքելութեան: Ան նաեւ հաստատեց, որ աշխարհի բարօրութիւնն ու կրթական համակարգը` առանց Աստուծոյ սիրոյն, կը կորսնցնէ իր վստահելիութիւնը: Ապա ան տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը:

Տեղին է նշել, որ վաստակաւոր ուսուցիչներու հրապարակային պարգեւատրումը նոր չէ ՄԱՀԱԵՄ-ի համար. այն հիմնուած է Ղուկասու 10.7-րդ համարին վրայ, որ կ՛ըսէ` «Մշակը արժանի է իր վարձքին»:  Առ այդ, 1970-էն ի վեր, քանի մը տարին անգամ մը տեղի կ’ունենան նման հանդիսութիւններ, եւ 2026-ի հանդիսութիւնը 13-ն է այդ շարքին: Ցարդ պարգեւատրուած են (2026-ը ներառեալ) 163 կրթական մշակներ:

Leave a Comment